Նիկոլ Փաշինեան Կոչ Ըրաւ Վերադառնալ Խաղաղ Քաղաքացիական Անհնազանդութեան Պայքարին
Մայիս 1-ին, ամբողջ հայութեան ուշադրութիւնը կեդրոնացած էր Ազգային Ժողովին վրայ, ուր տեղի պիտի ունենար նոր վարչապետի ընտրութիւնը, միակ թեկնածու ունենալով խաղաղ յեղափոխութեան առաջնորդ Նիկոլ Փաշինեանը: Մինչ Խորհրդարանի նիստ կը գումարէր, տասնեակ հազարաւոր քաղաքացիներ հաւաքուած էին Հանրապետութեան հրապարակին վրայ ու կը հետեւէին աւելի քան 8 ժամ տեւող նիստին:
ՀՀԿ խմբակցութեան ղեկավար Վահրամ Բաղդասարեան վարչապետի ընտրութեան նիստի ընթացքին իր ունեցած ելոյթին մէջ յայտարարեց որ, իրենք ընդունած են եւ կ’ընդունին ժողովրդական շարժման յաղթանակը` Հայաստանի մէջ փոփոխութիւններու նոր փուլ սկսելու ճանապարհին եւ հաշուի առելնելով ժողովուրդի պահանջը, պատասխանած են վարչապետի հրաժարականով: Բաղդասարեան սակայն աւելցուց, որ իրենք դէմ պիտի քուէարկեն Նիկոլ Փաշինեանի թեկնածութեան:
«Ելք» խմբակցութեան կողմէ առաջադրուած վարչապետի թեկնածու` Նիկոլ Փաշինեան իր եզրափակիչ ելոյթին մէջ կոչ ըրաւ Ազգային ժողովի մեծամասնութիւնը կազմող Հանրապետական խմբակցութեան պատգամաւորներուն «քուէարկել ժողովուրդի օգտին»:
«Ինձ այս ամպիոնից շատ մեղադրեցին, որ ես սպառնում եմ ոչնչացնել Հանրապետական կուսակցութեանը: Ես պաշտօնապէս յայտարարում եմ, որ որեւէ այդպիսի մտադրութիւն չունեմ, որովհետեւ ՀՀԿ կուսակցութիւնը, խմբակցութիւնը այսօրուայ քննարկումներով ինքն իրեն ոչնչացրեց եւ անշրջելիօրէն », – յայտարարեց Նիկոլ Փաշինեան ու աւելցուց – «Սեփական ժողովուրդին պատերազմ յայտարարող ուժը չի կարող գոյութիւն ունենալ»:
Փաշինեանը ըսաւ, որ իր ղեկավարած շարժումը աշխարհաքաղաքական ինչ-ինչ կողմնորոշումներու մէջ մեղադրելու մասին յայտարարութիւնները «ուղղուած են ոչ միայն ՀՀ ազգային անվտանգութեան, այլ նաեւ նպատակ ունին խաթարել Հայաստանի բարեկամ երկրների յարաբերութիւնները»:
Ընդդիմադիր գործիչը նաեւ յայտարարեց, որ բոլոր անոնք, որոնք «փորձում են ակնարկել, թէ այս ամէնի մէջ ինչ որ մութ, օտար ուժեր կան, վիրաւորում են սեփական ժողովրդին»:
«Սա ցոյց է տալիս, որ այս խմբակցութիւնը որեւէ կապ չունի հայ ժողովուրդի հետ: Խօսում են պայթունավտանգ իրավիճակի մասին, ոչ մի պայթունավտանգ իրավիճակ գոյութիւն չունի: Էսօր Հայաստանում չկայ ուժերի յարաբերակցութիւն, էսօր Հայաստանում կայ ժողովուրդ մի կողմից, եւ ՀՀԿ-ական 20-25 պատգամաւոր եւ ՀՀԿ-ական վերնախաւ` մի կողմից, որոնք ուզում են ապացուցել, որ կայ պայթունավտանգ իրավիճակ», – ըսաւ Փաշինեանը` ընդգծելով. – «Բախում չի լինելու: Բազմիցս եմ ասել, որ ՀՀ եւ Արցախի Հանրապետութեան սպառնացող վտանգի պարագային այս ողջ համազգային շարժումը լծուելու է ՀՀ-ի եւ Արցախի պաշտպանութեանը»:
Ընդդիմադիր պատգամաւորը ՀՀԿ խմբակցութեան պատգամաւորները մեղադրեց ատրպէյճանական քարոզչութեան նիւթերը եւ տեղեկութիւնները տարածելու մէջ, նշելով, որ այդպիսով կը փորձեն խուճապ առաջացնել ժողովուրդի մէջ:
Այսպիսով, բազմաթիւ ելոյթներէ ետք տեղի ունեցաւ նոր վարչապետի ընտրութիւնը: Նիկոլ Փաշինեան ստացաւ 45 կողմ եւ 56 դէմ քուէ: Չկարողանալով ապահովել անհրաժեշտ 53 ձայները, վարչապետի ընտրութեան համար պիտի կատարուի երկրորդ փորձ` 7 օրուայ ընթացքին: Եթէ երկրորդ անգամին եւս Ազգային Ժողովը չկարողանայ ընտրել վարչապետ, այդ պարագային Խորհրդարանը կը նկատուի լուծարուած:
Նիկոլ Փաշինեանին դէմ քուէարկեց ՀՀԿ խմբակցութիւնը, կողմ` «Ելք», «Ծառուկեան» եւ ՀՅԴ խմբակցութիւնները եւ մէկ ՀՀԿ-եական պատգամաւոր` Ֆելիքս Ցոլակեանը:
Ազգային ժողովին ՀՀ վարչապետի ընտրութեան քուէարկութենէն ետք «Ելք» խմբակցութեան ղեկավար Նիկոլ Փաշինեանը Հանրապետութեան հրապարակի վրայ հաւաքուած ցուցարարներուն կոչ ըրաւ կրկին վերադառնալ գործադուլի եւ դասադուլի կազմակերպման, փողոցներու փակման գործելաոճին:
«Հանրապետական խմբակցութեան գործողութեանը մեր հակագործողութիւնը լինելու է շատ արագ, վաղը յայտարարւում է գործադուլ եւ դասադուլ: Առաւօտեան 8:15-էն շրջափակում ենք բոլոր փողոցները, հաղորդակցութեան ուղիները, մեթրոն, օդանաւակայանը: Մեր պայքարը չի կարող չպսակուել յաղթանակով»- դիմելով ցուցարարներուն ըսաւ Փաշինեան` աւելցնելով, որ իրենց պայքարը «բաց ձեռքերի է եւ խաղաղ քաղաքացիական պայքար»:
Անդրադառնալով Ազգային ժողովին ՀՀ վարչապետի ընտրութեան ժամանակ տեղի ունեցած քննարկումներուն` Փաշինեանը ըսաւ, որ իր գնահատմամբ` քննարկումը ունէր գրգռիչ բնոյթ: «Նրանք անընդհատ ուզում էին հասնել նրան, որ ժողովուրդը եւ նրա թեկնածուն նիարդայնանան, ափերից դուրս գան, գրգռիչ բաներ անեն, գրոհներ կազմակերպեն, բայց մենք դիակապտութեամբ չենք զբաղւում: Քաղաքական բանակցութիւնները կարող են վերաբերուել միայն ու միայն ՀՀԿ-ի «քաղաքական յուղարկաւորութեանը եւ հոգեհացին»,- ըսաւ Փաշինեան: Միաժամանակ, ան նշեց , որ իրենք ետ քայլ ընելու տարբերակ եւ հնարաւորութիւն չունին:
Նիկոլ Փաշինեան դիմեց նաեւ ՀՀ ոստիկանութեան, որպէսզի վերջինս «մի կողմ թողնի բոլոր ձեւականութիւնները, ցած դնէ վահաններն ու մահակները եւ խառնուի ցուցարար ժողովրդին»: