«Իմ քայլը» շարժման առաջնորդ, ՀՀ վարչապետի թեկնածու Նիկոլ Փաշինեանը նշած է, որ թաւշեայ, ոչ բռնի, ժողովրդական յեղափոխութեան ամենակարեւոր արդիւնքն այն է, որ այլեւս ժողովուրդը տէրն է իր երկրի, եւ այդ ոչ թէ կարգախօս է, այլ քաղաքական իրողութիւն:
«ՀՀ-ում դեռ կը փոխուին, դեռ իրար ետեւից կը գան ու կը գնան վարչապետեր, կառավարութիւններ, նախագահներ, Ազգային ժողովներ, պատգամաւորներ, նախարարներ, բայց ՀՀ-ում չի փոխուելու ամենակարեւորը, ամենահիմնականը` ՀՀ-ում այսուհետ թեւածելու է այն կարգախօսը, որը քիչ առաջ դուք էիք վանկարկում»,- ըսած է ան եւ կրկին քաղաքացիներու հետ վանկարկած «մենք ենք տէրը մեր երկրին»:
«Ես հիմա՝ այս երեկոյեան, հասկացայ, որ բացարձակապէս էական չէ, որեւէ նշանակութիւն չունի, թէ ինչ տեղի կ’ունենայ վաղը՝ ԱԺ-ում, էականն այն է, որ ՀՀ քաղաքացին, ժողովուրդը՝ հայ ժողովուրդը յաղթել է, եւ այդ յաղթանակը անշրջելի է եւ չի կարող կասկածի տակ դնել այլեւս ոչ ոք»,- ըսած է ան:
Նիկոլ Փաշինեանը նշած է, որ մինչեւ երէկ կը մտածէր, որ ՀՀ-ի մէջ պէտք է վաղը հերթական ցոյցը, բողոքի գործողութիւնը, ուժի ցուցադրութիւնը տեղի ունենայ:
«Բայց վաղը այս հրապարակում պէտք է տեղի ունենայ մի հսկայական տօնախմբութիւն, որտեղ ժողովուրդը՝ հայ ժողովուրդը պէտք է տօնի իր սեփական անշրջելի յաղթանակը, եւ ուրեմն, բոլոր քաղաքացիներին կոչ եմ անում վաղը՝ առաւօտեան ժամը 11-ից, հաւաքուել Հանրապետութեան հրապարակում, չգնալ որեւէ տեղ, որեւէ փողոց չփակել, որեւէ գործողութիւն տեղի չունենայ, հաւաքուել Հանրապետութեան հրապարակում եւ տօնել սեփական յաղթանակը` յուսահատութեան, արտագաղթի, թուլութեան, անորոշութեան նկատմամբ: Հիմա այլեւս որոշակի է, որ մեր երազանքները սկսում են իրականանալ, որովհետեւ մենք այլեւս չենք երազում ազատ եւ երջանիկ Հայաստանի մասին, մենք այսօր ապրում ենք ազատ եւ երջանիկ Հայաստանում»,- ըսած է ան եւ կոչ ըրած բոլոր մարզերէն, գիւղերէն հաւաքուիլ Հանրապետութեան հրապարակի վրայ՝ յստակ արձանագրելու, որ «մենք ենք տէրը մեր երկրի»: