Պոլսոյ Քատըքէօյ թաղամասի մէջ գտնուող հայկական Սբ. Թագաւոր եկեղեցին անյայտ անձերու կողմէ յարձակման ենթարկուած է:
Այս մասին ֆէյսպուքեան էջին վրայ գրառում կատարած է Թուրքիոյ խորհրդարանի մէջ ներկայացուած քրտամէտ «Ժողովուրդներու դեմոկրատական կուսակցութեան» (ԺԴԿ) կեդրոնական գործադիր խորհուրդի անդամ Մուրատ Մըխճըն:
Ըստ վերջինիս, անյայտ անձիք աղբ լեցուցած են եկեղեցւոյ բակին մէջ` փակելով մուտքը, իսկ պարիսպի վրայ թրքերէնով գրած. «Այս հայրենիքը մերն է»: Մըհճըն հրապարակած է նաեւ եկեղեցւոյ լուսանկարը:
Դէպքի առընչութեամբ յայտարարութեամբ հանդէս եկած է Քատըքէօյի տեղական ինքնակառավարման մարմինը: Յայտարարութեան մէջ Քատըքէօյի համայնքապետարանը հաստատած է եկեղեցւոյ վրայ յարձակման մասին լուրերը` ըսելով. «Կը դատապարտենք այս ցեղապաշտական յարձակումը եւ կը տեղեկացնենք, որ տարածքի մէջ արդէն մաքրման աշխատանքներ կատարուած են»: