Home ԳԱՂՈՒԹԱՅԻՆ Ապրիլեան Ոգեկոչում Փասատինայի Կիրակոս Սրահին Մէջ

Ապրիլեան Ոգեկոչում Փասատինայի Կիրակոս Սրահին Մէջ

by MassisPost

Երկուշաբթի Ապրիլ 23, 2018, երեկոյեան ժամը 8:00ին Փասատինայի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ Եկեղեցւոյ Կիրակոս սրահին մէջ աւելի քան 250 հոգիներու ներկայութեան տեղի ունեցաւ ապրիլեան ոգեկոչում, ի յիշատակ մեծ Եղեռնի անմեղ զոհերուն:

Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ Եկեղեցւոյ կողմէ կազմակերպուած սոյն միջոցառումին իր գործօն մասնակցութիւնն ունեցաւ նաեւ Նոր Սերունդ Մշակութային Միութիւնը:

Հ.Բ.Ը.Մ.ի սկաուտներուն կողմէ դրօշակի հանդիսաւոր արարողութենէն ետք տեղի ունեցաւ ԱՄՆի եւ Հայաստանի զոյգ քայլերգներու ունկնդրութիւնն ու մէկ վայրկեանի յոտնկայս լռութիւնը ի յիշատակ մեր սրբադասուած զոհերուն:

Իր բացման խօսքին մէջ օրուան հանդիսավար Վահէ Չարխուտեան ողջունեց Արեւմտեան Թեմի առաջնորդ Գերշ. Տ. Յովնան Արք. Տէրտէրեանի փոխանորդ Հոգշ. Տ. Տաճատ Ծ. Վրդ. Եարտմեանի եւ այլոց ներկայութիւնը: Ան նշեց որ այսօրուան յայտագիրը ամբողջութեամբ պատրաստուած է հայ գաղութի եւ եկեղեցւոյ երիտասարդներէն, որոնք ցեղասպանութեան երրորդ կամ չորրորդ սերունդէն են: Այսպիսով ցոյց տալու մեր ժողուվրդի անկոտրում հաւատքը եւ կամքը: Ամէն տարի պիտի շարունակենք մեր ուխտը ըսելով «Սրբազան Լեռ, հաւատայ, թէ կը հասնինք, մենք կը հասնինք կատարիդ»:

Արման Սրկ. Երջանեան իր խօսքին մէջ շեշտեց որ բովանդակ աշխարհի մէջ սկսած է լայնածաւալ ճանաչում ստանալ հայոց ցեղասպանութիւնը եւ հայ երիտասրդութեան առջեւ դրուած առաջնահերթ պարտաւորութիւններէն է շարունակել պահանջատիրութեան սրբազան առաքելութիւնը, հզօր հայրենիք մը ունենաալու տեսլականով:

Նոր Սերունդ Մշակութային Միութեան անունով խօսք առաւ իրաւաբան Գրիգոր Մոլոյեան: Ան հպանցիկ ակնարկով մը անդրադարձաւ հայոց ցեղասպանութեան պատմական փաստին վրայ: Այնուհետեւ ընդգծեց հայ երիտասարդութեան պարտաւորութիւնները ազգային եւ հասարակական տարբեր բնագաւառներէ ներս: Մասնաւորաբար նշեց.  «…այս նորահաս սերունդի մեծամասնութիւնը ներկայիս աշխոյժ գործունէութիւն կը տեսնէ Հայաստանի մէջ: Իրենց ջանքերով է որ հարիւր հազարաւորներ, վերջերս, երկրի տարբեր շրջաններուն մէջ, տիրակալ վարչապետին պարտադրեցին որպէսզի իր հարաժարականը տայ»:

Գրիգոր Մոլոյեան շեշտեց որ հայ երիտասարդը քաջալերանքի կը կարօտի բոլոր մարզերու մէջ: Ան յորդորեց նաեւ վառ պահել յիշատակը մեր նահատակներու եւ խթանել հայապահպանման ծրագիրներու իրականացումը, մաղթելով որ 21րդ դարն ըլլայ հայոց պատմութեան նոր ոսկեդարը:

Գործադրուեցաւ գեղարուեստական յայտագիր մը, մասնակցութեամբ  Յովսէփեան վարժարանի աշակերտութեան, ինչպէս նաեւ Նոր Սերունդ Մշակութային Միութեան պարախումբին եւ շնորհալի երգիչներ Կարօ Սիւլահեանի («Երազ իմ Երկիր Հայրենիք», «Թռչէի Մտքով Տուն» եւ «Կիլիկիա») եւ Առնօ Մկրտիչեանի («Պիտի Գնանք», «Հպարտ Գնացք», «Ատանայի Ողբը» եւ «Լերան Լանչին») կատարումները:

Փակման խօսքը կատարեց Հոգշ. Տ. Տաճատ Ծ. Վրդ. Եարտմեան: Ան Մեծ Եղեռնէն պատմեց սրտայոյզ դրուագ մը եւ ապա նշեց որ ժողովուրդի յիշողութեան մէջ միշտ առկայ են նման իրողութիւններ: Ապա յորդորեց գուրգուրալ մեր արժէքներուն վրայ միշտ այն յոյսով որ օր մը պիտի վերադառնանք առաւել պայծառ ու կենսուրախ երազային հայրենիք մը:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment