Home ԳԱՂՈՒԹԱՅԻՆ Այնթապի Հերոսամարտի 98-րդ Տարեդարձի Տօնակատարութիւնը Լուսարձակի Տակ Բերաւ Մեծապետական Հին-Նոր Խաղերը

Այնթապի Հերոսամարտի 98-րդ Տարեդարձի Տօնակատարութիւնը Լուսարձակի Տակ Բերաւ Մեծապետական Հին-Նոր Խաղերը

by MassisPost

Ամէն տարի, Ապրիլի առաջին օրերուն, Այնթապցիներու մշակութային միութիւնը կ’ոգեկոչէ յիշատակը Այնթապի յաղթական հերոսամարտի նահատակներուն ու յաղթանակը կերտած հերոսներուն, յիշելով, յիշեցնելով ու վերահաստատելով, որ Այնթապն ու ամբողջ Կիլիկիան հայկական հող էին, հայկական հող կը մնան ու իրենց տեղը ունին մեր պահանջատիրական Դատին մէջ:

Միութիւնը այս տարի եւս 98 տարի առաջ մղուած հերոսամարտին տարեդարձը տօնեց հրապարակային տօնակատարութեամբ մը, որ տեղի ունեցաւ Կիրակի, 8 Ապրիլի յետմիջօրէին, Կլենտէյլի Հայ Կաթողիկէ Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ «Գույումճեան» սրահին մէջ:

Յայտագիրը ունէր երկու գլխաւոր բաժին. բանախօսութիւն, գիրքի ողջունահանդէս եւ սրտի խօսքեր, ապա նաեւ գեղարուեստական բաժին: Հանդիսավարն էր ծանօթ արուեստագիտուհի եւ միութեան վարչութեան անդամ Թագուհի Արզումանեան, որ նաեւ մասնակցութիւն բերաւ գեղարուեստական յայտագիրին:

Բացման հակիրճ խօսքով մը, հանդիսավարը անդրադարձաւ պատմական դէպքերուն ու մօտաւորապէս տարի մը տեւած ինքնապաշտպանական հերոսամարտի յաղթական ելքին, հաստատելով, որ նահատակներուն ու յաղթանակի կերտիչներուն կտակը կը մնայ ու պիտի մնայ անկորնչելի: Ամերիկեան ու հայկական քայլերգներուն ունկնդրութենէն ետք, ան հրաւիրեց Վեր. Հենրիկ Շահնազարեանը, որ կատարէ բացման աղօթքը, ապա նաեւ ներկաները հրաւիրեց մէկ վայրկեան յոտնկայս լռութեամբ յարգելու նահատակներուն յիշատակը:

Գեղարուեստական յայտագիրը մատուցեցին Լիլիթ Խոջայեան (քանոն) եւ Արմէն Ստեփանեան (տուտուկ), իսկ Թ. Արզումանեան ասմունքեց Պարոյր Սեւակէն կտոր մը: Ապա, ան հրաւիրեց միութեան վարչութեան անդամներէն Պրն. Սարգիս Պալմանուկեանը, որպէսզի ներկայացնէ գլխաւոր բանախօսը՝ Ֆրանսայէն հրաւիրուած պատմագէտ ու մշակոյթի գործիչ Փրոֆ. Քլօտ Մութաֆեանը: Ս. Պալմանուկեան խօսեցաւ յարգելի բանախօսին հմուտ պատմագէտի ու հայ մշակոյթի գանձերը պեղելու ու զանոնք աշխարհին ծանօթացնեու յատկանիշներուն մասին, շեշտելով, որ ան ինքն իրեն պարտականութիւն տուած է ըլլալու Հայ մշակոյթի ծանօթացման առաքեալ մը: Իսկ այս հանդիսութեան համար, պատմագէտը ընտրած է Այնթապի հերոսամարտը կանխող ու անոր յաջորդած ժամանակաշրջանը, ցոյց տալու համար որ հայութիւնը Այնթապի ու ընդհանրապէս Կիլիկիոյ մէջ ինչպէ՛ս զոհ գնաց մեծ ուժերու դաւաճանական հաշիւներուն:

Փրոֆ. Մութաֆեան սպառիչ կերպով ներկայացուց նիւթը, իր պատմական ու քաղաքական տարածքներով: Ան պատմական հակիրճ ակնարկով մը գնաց մօտաւորապէս հազար տարի առաջ, ցոյց տալու համար, որ Կիլիկիան դարեր շարունակ եղած է հայապատկան շրջան, աւելի՛ առաջ, քան սելճուքներու, թաթարներու եւ թրքական կայսրութեան տիրապետութեան շրջանները, ապա կեդրոնացաւ Ա. Աշխարհամարտը կանխող շրջանին, նոյնինքն պատերազմի տարիներու իրադարձութեանց ու Սուրիա-Պաղեստին շրջանի ճակատումներուն մէջ հայութեան դերակատարութեան, մինչ զինուորական գործողութեանց ետին, արեւմուտքցի դաշնակիցները գաշտնօրէն դաւեր կը նիւթէին Օսմանեան կայսրութեան մնացորդները բաժնեկցելու, արաբական երկիրներուն վրայ տիրակալութիւն հաստատելու նպատակով, առանց ետ մնալէ ներքին մրցակցութիւններէ, որոնց հետեւանքով, պատերազմէն պարտուած Թուրքիան, Քեմալական շարժումին ճամբով, լաւագոյնս օգտուեցաւ դաշնակիցներու սակարկութիւններէն, օգտագործեց համայնավարացած Ռուսիոյ հետ դաշնակցելու խաղաքարտը: Այս բոլորին իբրեւ հետեւանք, Ցեղասպանութենէն վերապրած եւ իրենց պապենական քաղաքը վերադարձած այնթապցիք, ինչպէս նաեւ կիլիկեան այլ քաղաքներու հայութիւնը հարկադրուեցաւ 1921-էն ետք պարպել Կիլիկիան, հակառակ այն աղաղակոչ իրողութեան, որ այնթապցիք, 1 Ապրիլ 1920էն սկսեալ իրենց մղած բազմահանգրուան ինքնապաշտպանութիւնը պսակած էին յաղթանակով, պարտութեան մատնելով թրքական ուժերը եւ խաղաղութեան համաձայնութիւն պարտադրելով անոնց: Այս բոլորին մասին, բանախօսը ցոյց տուաւ նոյնինքն ֆրանսացի յուշագրողներու վկայութիւնները, աւելցնելով, որ Անգլիոյ, Ֆրանսայի եւ Իտալիոյ միջեւ արտառոց մրցակցութիւնը եւ քեմալական յիշեալ խաղերը ի վերջոյ յանգեցան ֆրանսական ուժերու Կիլիկայէն հեռացման ու պատերազմի օրերուն իրենց դաշնակից հայութեան ուղղուած՝ Կիլիկիան պարպելու «խրատին», որովհետեւ մնալու պարագային, հայութիւնը կը գտնուէր Ցեղասպանութեան կրկնութեան վտանգին տակ…: Բանախօսութեան վերջին բաժինով, Մութաֆեան հպանցիկ ակնարկութիւն մըն ալ կատարեց 1939-ի այն իրադարձութեանց, որոնց հետեւանքով, Սուրիոյ ու Թուրքիոյ միջեւ սահմանագիծը, նախընթաց վերիվայրումներէն ետք, անգամ մը եւս փոփոխութեան ենթարկուեցաւ ի վնաս Սուրիոյ, երբ Ալեքսանտրէթի գօտին ֆրանսացիներու կամայականութեան ու հաշիւներուն պատճառով կցուեցաւ Թուրքիոյ: Սուրիացիք մինչեւ այսօր ալ չեն ընդունած այդ կորուստը:

Բանախօսութենէն ետք, տեղի ունեցաւ Այնթապի հերոսամարտին մասին Գէորգ Պապոյեանի գիրքին՝ անգլերէնի թարգմանուած նորատիպ հատորին ողջունահանդէսը: Թարգմանութիւնը կատարած է թուրք այնթապցի բանասէր մը՝ Տոքթ Ումիթ Քուրթ: Մեկենասը՝ Մարք Ջէնեան, կարճ խօսքով մը ներկաները հրաւիրեց այս հատորը տարածելու նոր սերունդին ու ոչ հայերու մէջ, որպէսզի մեր պատմութեան մէկ փառաւոր էջը ճանաչում գտնէ: Հատորին բովանդակութեան մասին խօսեցաւ թարգմանողը: Ան նախ յստակ հայերէնով շնորհակալութեան խօսք ուղղեց իրեն տրուած առիթին համար, նաեւ՝ թարգմանական աշխատանքին աջակցողներուն, ապա, ամփոփ կերպով խօսեցաւ հերոսամարտի ընթացքին ու ելքին մասին, ինչպէս որ պատմուած է գիրքին մէջ:

Միութեան ատենապետը՝ Պրն. Աւետիս Տեմիրճեան հակիրճ խօսքով մը արձագանգ եղաւ հատորի տարածման կոչին: Տօնակատարութիւնը վերջ գտաւ Վեր. Շահնազարեանի աղօթքով ու Այնթապի հերոսամարտի քայլերգին երգեցողութեամբ, զոր առաջնորդեց միութեան վարչութեան անդամներէն Յարութիւն Կարապետեան: Ներկաները վայելեցին կոկիկ հիւրասիրութիւն եւ գնեցին յիշեալ հատորէն օրինակներ: (Հատորէն օրինակներ ունենալու համար, կը խնդրուի վարչութեան անդամներուն կամ հեռաձայնել Տիկին Աստղիկ Խանճեանի, 626 355 3897 թիւով):

ԹՂԹԱԿՑՈՒԹԻՒՆԸ Ա. Մ. ՄԻՈՒԹԵՆԷՆ

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment