Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Սերժ Սարգսեանի Վարչապետութեան Դէմ Բողոքները Կը Շարունակուին Ցուցարարները Փակեցին Երեւանի Պողոտաները

Սերժ Սարգսեանի Վարչապետութեան Դէմ Բողոքները Կը Շարունակուին Ցուցարարները Փակեցին Երեւանի Պողոտաները

by MassisPost

Նիկոլ Փաշինեան եւ անոր  մեծաթիւ  հետեւորդներ  երկուշաբթի առաւօտեան կանուխ ժամերէն փակած են  Երեւանի շարք մը կեդրոնական   փողոցներ:Այս պահու դրութեամբ խումբ մը ուսանողներ եւ անոնց միացած քաղաքացիներ իրենց ինքնաշարժներով փակած են Երիտասարդական  մեթրոյի  գլխաւոր ճամբան,  ինչպէս նաեւ «Օբերա»ի, «Բաղրամեան»ի եւ այլ կարեւոր փողոցներ:Յիշեցնենք, որ բողոքի այս քայլերը տեղի կ’ունենան ընդդիմադիր «ԵԼՔ» խմբակցութեան ներկայացուցիչ Նիկոլ Փաշինեանի երկու շաբաթներ առաջ սկսած «Իմ քայլ»ը նախաձեռնութեան հետ:Բողոքարարները  դէմ են, որ ՀՀ երրորդ նախագահ Սերժ Սարգսեան դառնայ ՀՀ վարչապետ,մինչ իշխող Հանրապետական կուսակցութեան Գերագոյն Խորհուրդի Ծաղկաձորի  մէջ կայացած նիստը առաջադրած  էր Սարգսեանի վարաչապետի պաշտօնին թեկնածութիւնը եւ կը սպասուի, որ ըստ սահմանադրական կարգին այդ թեկնածութիւնը քուէարկութեամբ մը հաստատուի Ազգային Ժողովի սպասուած  նիստին ընթացքին:

Յիշեցնենք, որ բողոքի այս քայլերը տեղի կ’ունենան ընդդիմադիր «ԵԼՔ» խմբակցութեան ներկայացուցիչ Նիկոլ Փաշինեանի երկու շաբաթներ առաջ սկսած «Իմ քայլ»ը նախաձեռնութեան հետ:

 Երեւանի «Կորիւն» Փողոցին Վրայ Միջադէպ Ցուցարարներու եւ Քաղաքացիներու Միջեւ

 

Առաւօտեան   ժամերուն միջադէպ մը եղած է Երեւանի «Կորիւն» փողոցին վրայ: Այս մասին  լուրը կը հաղորդէ  «Թերթ.ամ»-ը նշելով, որ հաւաքուած  ցուցարարները կարողացած են ճեղքել պատնէշն ու շարժուիլ դէպի Նալպանտեան- Մոսկովեան խաչմերուկ։

Կորիւն փողոցի վրայ քաղաքացիներու միջեւ տեղի ունեցած ծեծկռտուքը չէ կանխուած ոստիկաններու կողմէ: Ցուցարարներու պատնէշը ճեղքած մեքենաներու վարորդներն ու ուղեւորները, որոնք մինչ այդ դուրս եկան ու յարձակեցան ուսանողներու վրայ, ոստիկաններու կողմէ չխոչընդոտուեցան: Այս մասին յայտարարած է «Իրազեկ Քաղաքացի Միաւորում» ՀԿ համակարգող Դանիէլ Իոաննիսեանը:

Դիմելով ոստիկաններուն ան ըսած է. «Մարդկանց ծեծում են, վրաերթի են ենթարկում ձեր աչքի դէմը, դուք կողքից կանգնած դիտորդի դերում էք, լրագրո՞ղ էք, թէ՞ ոստիկան: Ո՞ւր է ոստիկանութիւնը»:  Իոաննիսեանն ըսած է, որ ոստիկանութիւնը անգործութեան մատնուած է: «Դրա համար մենք այդքան ասում ենք՝ մի՛ գնացէք ընդհարման»,- արձագանգած է ոստիկանը:

Լրագրողներու այն հարցին, թէ ինչո՞ւ թոյլ տուիք, որ մեքենան քշելով ուսանողներու վրայ՝ անցնի այդ հատուածը, ոստիկանը չէ պատասխանած, ըսած է. «Ծառայութեան մէջ եմ, ես իմ աշխատանքն եմ կատարում»:

Բողոքի Ելած Ցուցարարները Կուղղուին Դէպի «Ֆրանսայի Հրապարակ

protests

Ապա ցուցարարները Գրիգոր Լուսաւորիչ փողոցով կը շարժին դէպի Մաշտոց պողոտայ, ուրկէ պիտի հասնին դէպի Ֆրանսայի հրապարակ։

Մինչ այդ, ցուցարարները Նիկոլ Փաշինեանի գլխաւորութեամբ մուտք գործած էին Հայաստանի պետական մանկավարժական համալսարանի շէնք: «Սիրելի հայրենակիցներ, ՀՀ քաղաքացու յաղթանակի ժամը եկել է, քո յաղթանակի ժամը եկել է: Մենք կոչ ենք անում ձեզ դուրս գալ»,- համալսարանին մէջ յայտարարած էր պատգամաւորը:

Ցուցարարները վանկարկած են՝ «դա-սա-դուլ»: Անոնք բարձրացած են բուհի յարկերով եւ բոլոր հարկերուն վրայ յորդորած, որ միանան իրենց, «տէր կանգնեն իշխանութեանը»:

Նիկոլ Փաշինեանի գլխաւորութեամբ երթի մասնակիցները Սարեան փողոցով շարժեցան դէպի ֆրանսայի հանրահաւաք: Ամբողջ երթի ընթացքին անոնք կոչ կ’ընէին քաղաքացիներուն միանալ իրենց եւ հրապարակ ուղղուիլ:

«Արի՛ հրապարակ, տէ՛ր կանգնիր քո երկրին, արի՛ հրապարակ եւ տէր կանգնիր քո հայրենիքին, արի՛ հրապարակ եւ տէր կանգնիր քո ազատութեանը»,-կոչ կ’ընէին երթի մասնակիցները:

Ֆրանսայի հրապարակի վրայ, ուր անոնց հանդիպած էր ոստիկանութեան պատնէշը, ցուցարարները կանգ առին:

«Բոլոր այն ընկերները, ովքեր խաչմերուկներ են փակել, այս պահին թող թողնեն իրենց վայրերը եւ միանան մեզ` Ֆրանսայի հրապարակում: Բոլորս մէկտեղւում ենք այստեղ»,-յայտարարած է Նիկոլ Փաշինեանը:

Ֆրանսայի հրապարակի մէջ Նիկոլ Փաշինեանը դիմելով քաղաքացիներուն, նշած է, որ շատ շատերն անհնար կը համարէին այս ամէնը, այս տեսարանը: «Բայց այսօր դուք ցոյց տուեցիք, որ Հայաստանի ժողովուրդը ազատասէր ժողովուրդ է եւ Հայաստանի ժողովուրդը յաղթող ժողովուրդ է:

Մենք այսօր վերականգնեցինք մեր յաղթանակը, մեր արժանապատուութիւնը, յոյսը»,-ըսած է ան:

Ազգային Ժողովի Շէնքի Մօտ Բախումներ. Ոստիկանութիւնը կը Փորձէ Կարգի Հրաւիրել Բողոքարարները

Protests-Police-2

Լարուած իրավիճակ   կը տիրէ Երեւանի Բաղրամեան պողոտայի վրայ գտնուող Ազգային Ժողովի    մայր մուտքին   մօտ:    «Ելք»   խմբակցութեան առաջնորդ Նիկոլ Փաշինեան, որ իր հետեւորդներուն հետ կը գտնուէր Ֆրանսայի հրապարակ    բարձրացած են  դէպի Ազգային Ժողովի  գլխաւոր մուտքը, ուր Փաշինեան  ոստիկանութեան ներկայացուցիչին    յայտնած է, որ  ցուցարարները կը համարուին իր հիւրը եւ   եկած   են իր մօտ   բարձրանալու: Ոստիկանութեան     պատասխանատուներէն գնդապետ  Օսիբեան    Փաշինեանին յայտնած է, որ իր  քայլը  օրինական է եւ անկէ պահանջած,  որ   այլ մուտքով անցնի Ազգային Ժողով, որմէ ետք  Փաշինեան  փորձած  է ոստիկանութեան «շղթա»ն  հատել ու ներս մտնել: Այդ պահուն ալ   սկիզբ առած են բախումներ:

Ըստ «Ազատութիւն» կայանի լրագրողին  Փաշինեան վիրաւորուած է: Իրավիճակը կը շարունակէ  լարուած մնալ Ազգային Ժողովի գլխաւոր մուտքին մօտակայքը:

«Նայիրի Բժշկական Կեդրոն» Տեղափոխուած Նիկոլ Փաշինեանի Վնասուածքները Լուրջ Չեն. Հիւանդանոց Տեղափոխուած 3 Ոստիկաններէն Մէկուն Վիճակը Ծանր է
Protests-Pashinyan

Նիկոլ Փաշինեանի վնասուածքները լուրջ չեն, քերծուածք են: Այժմ կը վիրակապեն, որպէսզի գնահատեն վիճակը: Այս մասին Tert.am-ին յայտնած է «Նայիրի» բժշկական կեդրոնի տնօրէն Անատոլի Գնունին:

Նայիրի ԲԿ տեղափոխուած է նաեւ 3 ոստիկան: Անոնցմէ մէկուն վիճակը ծանր է, երկուքինը՝ թեթեւ:

«Ծանր վիճակում գտնուող ոստիկանը բեկորային վնասուածք է ստացել` անօթի վնասումով: Հիմա արդէն տեղափոխուել է վիրասրահ, որպէսզի նորից գնահատենք վէրքերի վիճակը»,- ըսած է  Անատոլի Գնունին:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment