Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ ԵԱՀԿ Դիտորդներ «Ատրպէյճանի Մէջ Ազատ եւ Արդար Ընտրութիւններու Իրականացումը Անհնար է»

ԵԱՀԿ Դիտորդներ «Ատրպէյճանի Մէջ Ազատ եւ Արդար Ընտրութիւններու Իրականացումը Անհնար է»

by MassisPost

«Ատրպէյճանի տիրող քաղաքական միջավայրի մէջ ազատ եւ արդար ընտրութիւններու իրականացումը անհնար է»: Պաքուի մէջ կայացած մամուլի ասուլիսի ժամանակ նման յայտարարութեամբ հանդէս եկած են Ապրիլ 11-ի նախագահական ընտրութիւններու գործընթացին հետեւող միջազգային դիտորդները:

«Ատրպէյճանի մէջ արտահերթ նախագահական ընտրութիւնները կայացած են սահմանափակումներով աչքի զարնող քաղաքական միջավայրի մէջ եւ այնպիսի օրէնքներու առկայութեամբ, որոնք կը կրճատեն մարդու հիմնարար ազատութիւններն ու իրաւունքները»,- նշուած է ԵԱՀԿ դիտորդներու տարածած յայտարարութեան մէջ:

«Ընտրարշաւը աչքի ինկաւ բազմակարծութեան բացակայութեամբ: Այդ կը վերաբերէր նաեւ ատրպէյճանական լրատուամիջոցներուն: Ընտրութիւններու առանձնայատկութիւններէն էր իրական ազատութեան բացակայութիւնը»,- նաեւ նշած են արեւմտեան դիտորդները` արձանագրելով, որ թէ՛ քուէարկութեան ընթացքը, եւ թէ՛ քուէներու հաշուարկը աչքի ինկան լուրջ խախտումներով: Այս մասին, մասնաւորաբար, յայտարարած է դիտորդական առաքելութեան ղեկավարներէն մէկը` ԵԱՀԿ Խորհրդարանական վեհաժողովի անդամ Նիլզա Տէ Սենան:

Իշխանամէտ լրագրողները դիտորդներու  ասուլիսը ընդհատացած են՝ զանոնք մեղադրելով, որպէս հայերու շահերը սպասարկելու, զեկոյցի մէջ իրականութեան չհամապատասխանող տեղեկութիւններ տարածելու համար, ապա պահանջած փոփոխութեան ենթարկել ողջ փաստաթուղթը: ԵԱՀԿ դիտորդները ստիպուած 20 վայրկեանով ընդհատած են զեկոյցի հրապարկումը:

Ատրպէյճանի Կեդրոնական ընտրական յանձնաժողովը, սակայն, պնդած է, որ Ապրիլ 11-ի քուէարկութիւնը համապատասխանած է բոլոր միջազգային չափանիշներուն: Անոնց համաձայն` Իլհամ Ալիեւի օգտին քուէարկած է ընտրութիւններուն մասնակցած Ատրպէյճանի քաղաքացիներու 86 տոկոսը: Առաջադրուած թեկնածուները աննշան թիւով քուէներ ստացած են, առաւելագոյնը՝ 3,5 տոկոս: ԿԸՀ նախագահ Մազահիր Փանահովի յայտարարութենէն անմիջապէս ետք ատրպէյճանական ալիքները հեռարձակած են Իլհամ Ալիեւի հետեւեալ ուղերձը:

«Սիրելի հայրենակիցներ, ես կը ցանկանամ իմ երախտագիտութիւնը յայտնել՝ իմ հանդէպ նման վստահութիւն ցուցաբերելու համար: Այսօր Ատրպէյճանի ժողովուրդը քուէարկեց կայունութեան, անվտանգութեան եւ զարգացման օգտին»: Ալիեւը կրկին յայտարարած է. «Մենք լուրջ դիւանագիտական յաղթանակներ արձանագրած ենք: Միաժամանակ, մենք մեծ յաղթանակի հասած ենք ռազմի դաշտին վրայ: Ատրպէյճանցի զինուորը, ատրպէյճանական բանակը ազատագրեցին մեր հողերու մէկ մասը: Կու գայ օր մը, երբ այսօր դեռեւս գրաւման տակ գտնուող տարածքներու մէջ եւս կը ծածանի ատրպէյճանական դրօշը եւ այնտեղ ալ նախագահական ընտրութիւններ կ’իրականացուին»:

Ատրպէյճանական ընդդիմութիւնը, սակայն, չէ ընդունած ընտրութիւններու արդիւնքներու օրինականութիւնը: «Մուսավաթ» կուսակցութիւնը նշած է, որ արտահերթ նախագահական ընտրութիւններու իրականացումը ի սկզբանէ հակասահմանադրական է:

Ապրիլ 14-ին ատրպէյճանական ընդդիմութիւնը հանրահաւաք պիտի կատարէ բողոքելով նախագահական ընտրութիւններու կեղծման դէմ:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment