Home ՀԱՅԱՍՏԱՆ ԱԺ Նիստերու Դահլիճը Քանի մը Վայրկեան Ծուխի Մէջ էր

ԱԺ Նիստերու Դահլիճը Քանի մը Վայրկեան Ծուխի Մէջ էր

by MassisPost

Խորհրդարանի դահլիճը ամբողջութեամբ ծուխի մէջ էր: Ընդդիմադիր «Ելք» խմբակցութեան «Քաղաքացիական պայմանագիր» կուսակցութեան պատգամաւոր Արարատ Միրզոյեանը ելոյթի ժամանակ անսպասելիօրէն գրպանէն հանած է գունաւոր ծխարձակիչը, վառած ու կոչ ըրած է բոլորին 13 ապրիլին երթալ Ազատութեան հրապարակ եւ այնտեղ միասին վառել «ազատութեան ջահը»: Միրզոյեանին եւս երկու ծխարձակիչներով միացած է ընդդիմադիր խմբակցութեան մէկ այլ պատգամաւոր՝ Լենա Նազարեանը:

Նիստը նախագահող Ազգային ժողովի փոխնախագահ, իշխող Հանրապետականի խօսնակ Էտուարտ Շարմազանովը, ի տարբերութիւն այլ պատգամաւորներու, մինչեւ վերջ հանգիստ նստած մնաց իր տեղը, թէեւ ամբողջութեամբ ծածկուած էր ծուխով:

«Ոնց որ շոուն չստացուեց: Բացէք դռները, թող նորմալ աշխատենք, երեխեք: Էն «Մոսֆիլմ»-ի ֆիլմի նման է, էն որ սենց կանգնում են, է», – ըսած է Շարմազանովը:

«Ելք» դաշինքէն «Լուսաւոր Հայաստան» կուսակցութեան պատգամաւոր Գէորգ Գորգիսեանը ծուխին չդիմանալով թաշկինակով ծածկած է քիթը եւ առաջարկած, որ ընդմիջում կատարուի, որուն ընդդիմացած է Շարմազանով.- «Պարոն Գորգիսեան, դուք՝ ձեր խմբակցութիւնը, ի՞նչ էք վիճում: Ընդմիջումը քուէարկութիւնից առաջ ու յետոյ է: Պարզապէս թող հանրութիւնը որոշի, էլի՝ ով ինչով է զբաղուած խորհրդարանում»:

Աւելի ուշ խորհրդարանի դահլիճ վերադարձած Ազգային ժողովի նախագահ Արա Պապլոյեանը խօսած է իբրեւ բժիշկ՝ յայտնելով, թէ տեղի ունեցածը անընդունելի է. «Հիմա ականատես ենք լինում այստեղ մի երեւոյթի, որը վտանգի է ենթարկում, նախ եւ առաջ, հրդեհի վտանգի է ենթարկում Ազգային ժողովի շէնքը, երկրորդը՝ թունաւոր նիւթերի շնչելու պարտադրանք է առաջացնում այն պատգամաւորներին, ովքեր որ հիմա այստեղ աշխատում են: Ես հիմա հանդէս եմ գալիս ոչ միայն որպէս Ազգային ժողովի նախագահ, այլ ուղղակի որպէս քաղաքացի եւ բժիշկ: Ես ընդունում եմ այդ արարքը անընդունելի»:

«Ելք» դաշինքէն «Լուսաւոր Հայաստան»-ի պատգամաւորները նախապէս տեղեակ չեն եղած դաշինքի միւս անդամներու՝ «Քաղաքացիական պայմանագիր» կուսակցութենէն Արարատ Միրզոյեանի եւ Լենա Նազարեանի բողոքի մասին: Էտմոն Մարուքեանը ըսած է, թէ տեղեակ չէ ինչ որ տեղի ունեցած է, իսկ Մանէ Թանդիլեանը դաշինքի իրենց գործընկերներու քայլը որակած է ոչ գործընկերային:

«Ընդունելի՞ է այս բողոքը Ձեզ համար», – «Ազատութեան» այս հարցին ալ ան արձագանգած է․ – «Մենք այստեղ գործընկերներ էինք, եւ լաւ կը լինէր, որ դա քննարկուէր գործընկերների հետ: Սա գործընկերային վերաբերմունք չէր, եւ անակնկալի մենք պէտք է դահլիճում չգայինք»:

Իսկ Արարատ Միրզոյեանը աւելի ուշ «Ազատութեան» փոխանցած է, թէ բողոքը տեղի ունեցած է «Իմ քայլը» շարժման շրջանակներու մէջ, որ իրականացուած է բացառապէս «Քաղաքացիական պայմանագիր» կուսակցութեան եւ անոր համակիրներու կողմէն: Հետեւաբար որեւէ անհրաժեշտութիւն եւ նպատակայարմարութիւն չկայ, գործողութիւնները համաձայնեցնել «Ելք»֊ի միւս անդամներու հետ, որոնք չեն մասնակցիր «Իմ քայլը» շարժման: Ինչ կը վերաբերի գունաւոր ծխարձակիչներուն, ապա Միրզոյեանը շեշտած է, թէ անոնք  բացարձակապէս վտանգ չէին սպառնար:

Մինչդեռ հանրապետականները, որոնք կը լքէին խորհրդարանի դահլիճը, վրդոված էին: Ընկերային յանձնաժողովի նախագահ Յակոբ Յակոբեանը առաջարկած էր շնչել ծխապատ օդը, իսկ հանրապետական Շուշան Պետրոսեանը ըսած է, որ պարզապէս կը խեղդուի եւ լաւ չի զգար: – «Սա է՞ պայքարի ձեւ, այսպէս ե՞ն պայքարում: Կը ներէք, իսկապէս լաւ չեմ զգում», – աւելցուցած է Պետրոսեանը:

Իսկ «Ծառուկեան» խմբակցութեան պատգամաւոր Սերկէյ Բագրատեանը ընդդիմադիր պատգամաւորներու ծխարձակներով կատարած բողոքը բնական գործողութիւն որակած է շեշտելով․ -«Ցանկացած քաղաքական պայքար օրէնքի սահմաններու մէջ նորմալ է, մենք ժողովրդավարական երկիր ենք՝ առնուազն այդպիսի երկիր ենք ուզում տեսնել եւ կառուցել: Արարատ Միրզոյեանը մեր գործընկերն է, եթէ ինքը վստահ է, որ կատարեալ անվտանգ է, ուրեմն անվտանգ է՝ ընդունենք դա»:

Ազգային ժողովի փոխնախագահ Էտուարտ Շարմազանովը խորհրդարանի ամպիոնէն յայտարարած է՝ Ազգային ժողովի կանոնակարգ-օրէնքը իրենց հնարաւորութիւն տուած է դիմել համապատասխան քայլերու, որոնք կը բխին օրէնքէն: Թէ ինչ քայլերու մասին է խօսքը՝ Շարմազանովը չէ մանրամասնած:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment