Home ՀԱՅԱՍՏԱՆ Ամուլսարի Հանքավայրի Շահագործումը Հայաստանին Անուղղելի Վնաս կը Հասցնի. Բնապահպան

Ամուլսարի Հանքավայրի Շահագործումը Հայաստանին Անուղղելի Վնաս կը Հասցնի. Բնապահպան

by MassisPost

Ապրիլ 11-ին Հայաստանի Կանաչներու միութեան նախագահ Յակոբ Սանասարեանը լրագրողներու հետ հանդիպման ժամանակ յայտնած է, որ Ոսկեբեր հանքավայրի շահագործումը նախաձեռնողները պետական պիւտճէ հարկ չեն վճարեր, հակառակ որ այս կրնայ վիթխարի վնասի ենթարկել շրջակայ միջավայրը եւ բնակչութիւնը:

Ըստ անոր՝ «Ամուլսար» նախագիծը ուրիշ բան է, իսկ անկէ բխող եզրակացութիւնները բոլորովին տարբեր են: Այս հանքավայրի շահագործման ժամանակ կրնան ծանր մետաղներով վարակուիլ հողամասերը, անոնց վրայ աճող բանջարեղէնն ու միրգերը: «Ամուլսարը ոսկեբեր հանքավայր է, եւ մարդիկ հիմնական վտանգը կապում են ցիանիդի (խաժիդ) հետ, որը գոլորշիացող նիւթ է»,- պարզաբանած է բնապահպանը:

Lydian Armenia ընկերութեան յայտարարութիւններու համաձայն՝ թէ իրենք զբաղած են պատասխանատու լեռնահանքային արդիւնաբերութեամբ եւ Ամուլսարի ոսկիի հանքավայրի շահագործումը շրջանի բնակիչներու առողջութեան վրայ ոչ մէկ ազդեցութիւն կ’ունենայ, Սանասարեանը առասպել համարած է: Ան շեշտած է, որ հանքավայրը հարուստ է առաջին եւ երկրորդ կարգի թունաւոր նիւթերով, որոնք լերան աւերման զուգահեռ շատ արագ կ’աշխուժանան: Անոնք աշխոյժ ձեւով կը ներգրաւուին երկրաքիմիական բաղադրութեան մէջ եւ իրենց թունաւորութեան շնորհիւ գերակշռող կը դառնան: Բնահող-ջուր-բուսականութիւն համակարգի մէջ անոնց ազդեցութեամբ հանքապարի հիմնական տարրերը կը մղուին երկրորդ կարգի: Բացի անկէ բնութիւնը ծանր մետաղներէն ինքնամաքրուելու մեխանիզմ չունի: Մարդու վրայ անոնց ազդեցութիւնը անմիջապէս չզգացուիր, քանի որ չունին ո՛չ հոտ, ո՛չ համ: Թունաւոր սննդամթերքի ազդեցութիւնը ի յայտ կու գայ տասնեակ տարիներ ետք եւ ծայրայեղ բացասական ձեւով՝ ուռուցքային հիւանդութիւններ, վերարտադրողական եւ ժառանգական գործընթացի ախտահարում:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment