Մարտի 23-ին Պուէնոս Այրէսի «Wilton» Հիւրանոցի գլխաւոր սրահին մէջ տեղի ունեցաւ «Մէկ Ժողովուրդ Մէկ Կուսակցութիւն» անունը կրող եւ ՍԴՀԿ 130-ամեակին նուիրուած՝ միջազգային իրաւունքի մասնագէտ եւ փաստաբան Ընկ. Տանթէ Ասիլեանի գիրքի ներկայացումը՝ Շարժում Մշակութային Միութեան կազմակերպութեամբ:
Բացման խօսքին մէջ օրուայ հանդիսավար՝ փրոֆ. Մարի Էպէքեան կարդաց ՍԴՀԿ Կեդրոնական Վարչութեան ատենապետ Ընկ. Համբիկ Սարաֆեանի գնահատանքի նամակը ու ողջունեց ներկայութիւնը՝ ՌԱԿ Կեդրոնական Վարչութեան ատենապետ Սէրխիօ Նահապետեանի, ՀԲԸՄ տեղական մասնաճիւղի ատենապետ Ռուբէն Կետիկեան եւ տարբեր կազմակերպութիւններու ներկայացուցիչներուն:
Գիրքի բովանդակութեան մասին զեկոյցներով հանդէս եկան մասնագէտներ՝ Մարիա Դերսիպաճեան եւ Փադրիսիօ Արսենսիօ Վիւես, կարեւորելով ՍԴՀԿ դերը հայոց ցեղասպանութեան կանխարգելման գործին մէջ:
Ելոյթ ունեցողները ընդգծեցին ՍԴՀԿ աննկուն կամքը պայքարելու նախ ուժեղ Սուլթանի եւ ապա Երիտասարդ թուրքերու իշխանութեան դէմ:
Խօսք առաւ ՍԴՀԿ Արժանթինի Վարիչ Մարմնի ատենապետ ընկ. Տոքթ. Գարլոս Դարփինեան, բարձր գնահատելով գիրքի հեղինակ ընկ. Տանթէ Ասիլեանի մտաւորական արժանիքները եւ մայր հայրենիքէն հեռու տասնամեակներու նուիրումը՝ մեր գաղափարական ինքնութեան պահպանման գործին:
Հանդիսութեան աւարտին երգուեցաւ ՍԴՀԿ քայլերգ՝ Հեռաւոր Երկիրը: