Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողանի կողմէն Պունտեսթակի մէջ Հայոց ցեղասպանութիւնը ճանչցող բանաձեւի ընդունման կապակցութեամբ Գերմանիոյ մէջ բողոքի ցոյցեր հրահրելու նախաձեռնութիւնը բացարձակապէս անընդունելի է՝ յայտնած է «Արմենպրես»-ի հետ զրոյցի ժամանակ Գերմանիոյ Ձախերու կուսակցութեան անդամ, Պունտեսթակի քրտական ծագում ունեցող պատգամաւոր Էվրիմ Սոմմերը: Վերջինիս համոզմամբ՝ Գերմանիոյ մէջ գործող թուրքական ազգայնական Osmanen Germania Rocker խմբաւորումը ակնյայտօրէն կը դրսեւորէ ինքզինք որպէս թուրքական կառավարութեան ներկայացուցիչ:
«Լրատուամիջոցները կը հաղորդեն, որ փորձ կատարուած է այստեղ բնակող թուրքական ծագում ունեցող անձանց շրջանին մէջ բողոքական տրամադրութիւններ հրահրել՝ կապուած Պունտեսթակի մէջ այն բանաձեւի ընդունման հետ, որ կը ճանչնայ 1915/16 թուականներուն Օսմանեան կայսրութեան մէջ հայերու հետ տեղի ունեցածը որպէս ցեղասպանութիւն: Հայերու դէմ իրականացուած ցեղասպանութիւնը լաւ ուսումնասիրուած պատմական փաստ է, որ այսուհետ պէտք չէ հերքուի: Պետական ժխտողականութեան քաղաքականութիւնը կը պահպանէ գաղափարախօսական կեանքի սուտը, որու հիման վրայ կառուցուած է եւ մինչ այժմ հիմնուած է Թուրքիոյ Հանրապետութիւնը»,- ընդգծած է Պունտեսթակի պատգամաւորը: Ան նշած է, որ թուրքական պետութիւնը եւ առհասարակ Թուրքիոյ մէջ իրականացուող քաղաքականութիւնը դէմ յանդիման չի գար անցեալի հետ, որու հետեւանքով ալ այս ընթացքին բարձրացուած շատ ընկերային խնդիրներ, ինչպէս, օրինակ, պետութեան կողմէն հրահրուած ազգայնականութիւնն է, ներկայ օրերուն ալ կը շարունակուին եւ իրենց աղէտալի հետեւանքները կ’ունենան: