Home ՀԱՅԱՍՏԱՆ Պետական Կառոյցները Երեք Ամսուան Ընթացքին 35 Միլիոն Դրամէ Աւելի Յուշանուէր, Ծաղիկ եւ Խմիչք Գնած Են

Պետական Կառոյցները Երեք Ամսուան Ընթացքին 35 Միլիոն Դրամէ Աւելի Յուշանուէր, Ծաղիկ եւ Խմիչք Գնած Են

by MassisPost

Յատուկ քննչական ծառայութեան հասոյթի հաշուին  6 հատ ժամացոյց պատուիրած են՝ իւրաքանչիւրը 300 տոլարէն աւելի արժէքով: Անոնց վրայ պէտք է ըլլայ ՀՔԾ պետի՝ Վահրամ Շահինեանի ստորագրութիւնը, ինչպէս նաեւ պէտք է ըլլայ արծաթ ոսկեպատ եւ ՀՔԾ խորհրդանշանով՝ ըստ պայմանագիրի։ ՀՔԾ-ն 30 օրուան ընթացքին պիտի յայտնէ, թէ այս ժամացոյցները որու պիտի նուիրուին։

Տնտեսութեան նախարարութեան ելեկտրոնային գնումներու ARMEPS համակարգի մէջ տեղադրուած հարիւրաւոր պայմանագիրներէն կ’երեւի, որ պետական կառոյցները վերջին երեք ամիսներու ընթացքին 35 միլիոն դրամէն աւելի յուշանուէրներ, ծաղիկներ եւ խմիչք գնած են։

Կառավարութեան աշխատակազմը, օրինակ, փետրուարին 700,000 դրամով իւղանկար մը գնած է, որու վրայ «Ամառային տրամադրութիւն» կ’երեւի։ Կառավարութենէն նոյնպէս չեն յստակացուցած, թէ նկարը որու պիտի նուիրուի։ Արտաքին գործերու նախարարութիւնն ալ 200,000 դրամով «Մանկութիւն» իւղանկարը գնած է, բայց ի տարբերութիւն Կառավարութեան աշխատակազմի, փոխ արտաքին գործոց նախարար Շաւարշ Քոչարեանը մանրամասնած է, որ նկարը Հայաստանէն հեռացող դեսպանի պիտի նուիրեն, որ դիւանագիտական արարողակարգի բաղկացուցիչ մաս է։

Չնայած, որ տարին նոր սկսած է, բայց կալուածագրերու  պետական կոմիտէն, արդէն 14 մարտին 600 հատ Սուրբ ծննդեան ոսկեզօծ բացիկներ պատուիրած է։  600 բացիկ ալ 30 Յունուարին պատուիրած են։

Գնումներու ոլորտը ուսումնասիրող «Հանրային քաղաքականութեան հետազօտութիւններու ազգային կեդրոն» հասարակական կազմակերպութեան նախագահ Արտակ Մանուկեանի կարծիքով՝ այս բոլոր գնումները պերճանքի տարրեր են, քանի որ այս կառոյցները հաշուետուութիւն չեն կատարեր, թէ ի վերջոյ ինչ օգուտ տուած են այս գնումները հարկատուներուն։

Պետական կառոյցները միլիոնաւոր դրամներ ծախսած են նաեւ խմիչքի համար։ Այս հարցին մէջ ծախսերու չափով առաջատարն է Հայաստանի կառավարութեան աշխատակազմը։ Միայն Մարտ 1-ին այս կառոյցը 4 միլիոն դրամէն աւելի քոնեակ եւ գինի գնած է։

Հարկատուներու հաշուին կատարուած այսպիսի ծախսերու մեծ բաժինը ծաղիկներն են։ Կանանց տօներուն ընդառաջ պետական կառոյցները մօտ 19 միլիոն դրամ ծախսած են ծաղիկներու համար։ Երեւանի քաղաքապետարանը՝ Տարօն Մարգարեանի ղեկավարած կառոյցը 20 հազար հատ 70 սմ-անոց հոլանտական վարդեր գնած է՝ վճարելով 17 միլիոն դրամէն աւելի գումար։

Շատ պարագաներու գերատեսչութիւնները չեն յստակացներ, թէ ինչ գնած են, պարզապէս նշած են, որ վճարած են յուշանուէրներու համար։

Ի պատասխան մօտ երկու տասնեակ հարցումներու, պետական կառոյցները կը պնդեն, որ այս գնումները կատարուած են ներկայացուցչական եւ իրենց աշխատակիցները պարգեւատրելու նպատակով։

Արտակ Մանուկեանը ուսումնասիրած է պետական կառոյցներու նախորդ տարուան քանի մը գնումները․ օրինակ քաղաքապետարանը մօտ երկու միլիոն դրամի նկարներ ու յուշանուէրներ գնած է։ Իսկ Ոստիկանութիւնն ալ որպէս յուշանուէր 6 միլիոն դրամէն աւելի գումարով 70 հեռուստացոյցներ գնած է։

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment