Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Զատուլին․ Հայաստանի Նկատմամբ Ցանկացած Յարձակում Ռուսաստանը Պիտի Դիտարկէ Որպէս Սպառնալիք իր Նկատմամբ

Զատուլին․ Հայաստանի Նկատմամբ Ցանկացած Յարձակում Ռուսաստանը Պիտի Դիտարկէ Որպէս Սպառնալիք իր Նկատմամբ

by MassisPost

«Ռուսաստանը հետեւութիւններ ըրած է 2016-ի Ապրիլեան պատերազմէն, այդ պատճառով ալ ասկէ վերջ Հայաստանին տրամադրուած են նորագոյն զինատեսակներ», – խորհրդարանի մէջ կայացած ասուլիսին յայտարարեց Պետական Տումայի ԱՊՀ գործերով ու եւրասիական ամբողջացման կոմիտէի նախագահի առաջին տեղակալ Կոնսդանդին Զատուլինը:

«Մենք կը հասկանանք, որ 2016-ի լարումէն յետոյ, որ նախաձեռնած էր կողմերէն մէկը, հայաստանեան հանրային կարծիքի մէջ Ռուսաստանին ուղղուած լուրջ դժգոհութիւններ կային, օրինակ, Ատրպէյճանին Ռուսաստանի կողմէն զէնքի մատակարարման առումով։ Մենք շատ կ’ափսոսանք, որ Ատրպէյճանի մէջ այլ կիրառութիւն չգտան, քան շփման գիծի վրայ խախտելու հրադադարի մասին համաձայնութիւնը, որ նաեւ մեր ջանքերու շնորհիւ գոյութիւն ունէր 1994 թուականէն: Մենք ըրած ենք հետեւութիւններ՝ կապուած տարածաշրջանի մէջ զինատեսակներու հաւասարակշռութեան խախտման հետ, եւ տրամադրած ենք Հայաստանին ամենաժամանակակից պաշտպանական միջոցներ, որ հնարաւորութիւն ունեցած էք տեսնելու Հանրապետութեան օրուայ առթիւ կազմակերպուած զօրահանդէսի ժամանակ», – ըսած է Զատուլինը:

Հայաստանի դաշնակից Ռուսաստանի խորհրդարանի պատգամաւորի պնդմամբ՝ իրենք Ատրպէյճանին ամենեւին ալ նորագոյն տեխնիկա չեն մատակարարած․ – «Իսկապէս զինամթերքի որոշակի մատակարարում եղած է, բայց անոնք վճարուած ու նախատեսուած էին նախքան ստորագրուած պայմանագիրներով: Խօսքը սովորական ու պաշտպանողական սպառազինութիւններու մասին է, ոչ թէ ժամանակակից զինատեսակներու, որոնք, ի միջայլոց, մատակարարուած են Հայաստանին բացարձակապէս այլ հիմքերով Ատրպէյճանի համեմատութեամբ»:

Պետական Տումայի  մէջ իշխող «Միասնական Ռուսաստան» կուսակցութեան պատգամաւոր Զատուլինը Երեւանի մէջ հաւաստեց, որ Ռուսաստանը պիտի կատարէ անվտանգութեան ու պաշտպանութեան ոլորտի մէջ Հայաստանի նկատմամբ իր պարտականութիւնները․ – «Հայաստանի նկատմամբ ցանկացած յարձակում կամ ռազմական վտանգ Ռուսաստանը պիտի դիտարկէ որպէս սպառնալիք իր նկատմամբ»:

Պատասխանելով «Ազատութեան» հարցին ան ըսած է, որ պէտք չէ լուրջ վերաբերուիլ Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւի այն յայտարարութիւններու նկատմամբ, ըստ որոնց Հայաստանի մայրաքաղաք Երեւանն ու Զանգեզուրը իրենց պատմական հողերն են:

Ռուսաստանի խորհրդարանական պատուիրակութեան ղեկավար Զատուլինին ընդունած է նախագահ Սերժ Սարգսեանը, որու ռուս պաշտօնեան գնահատած է, որպէս լաւ շախմատիստ «թէ՛ մարզական դաշտի վրայ թէ՛ քաղաքականութեան մէջ»:

Ի պատասխան հարցին, թէ արդեօք համաձայն է այն պնդմանը, որ Հայաստանը Ռուսաստանի «ֆոռպոստն»  է՝ Ռուսաստանի իշխող ուժի ներկայացուցիչը մէջբերած է Հայաստանի պաշտպանութեան նախկին նախարար Վազգէն Սարգսեանին վերագրուող միտքը․- «Ան ըսած է, որ Ռուսաստանը Կովկասի մէջ ունի իր Իսրայէլը: Այսպէս ըսած է ան ու ես չեմ մեկնաբաներ, բայց կը նշեմ, որ ես շատ կը սիրէի Վազգէն Սարգսեանը, քանի որ ան շատ խելացի մարդ էր»:

Խորհրդարանի արտաքին յարաբերութիւններու յանձնաժողովի նախագահ Արմէն Աշոտեանը լրագրողներու հետ զրոյցի ընթացքին տեղեկացուց, որ  Զատուլինի հետ ստորագրած են համատեղ յայտարարութիւն, որով նաեւ դատապարտած են Ղարաբաղեան հարցին մէջ Ատրպէյճանի ռազմատենչ հռետորաբանութիւնն ու այլատեացութիւնը:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment