Home ԳԱՂՈՒԹԱՅԻՆ ՀԲԸՄ-ի «Հայ Կին»-ի 12-րդ Միջազգային Համաժողովը՝ Ապրիլ 7-ին

ՀԲԸՄ-ի «Հայ Կին»-ի 12-րդ Միջազգային Համաժողովը՝ Ապրիլ 7-ին

by MassisPost

«Երիտասարդներու ազդեցութիւնը մեր ապագային վրայ»

Յառաջիկայ Ապրիլի 7-ին, 2018, տեղի պիտի ունենայ «Հայ կին» ընկերակցութեան եւ անոր «Երիտասարդ շրջանակ»ի կազմակերպած օգտաշատ եւ շատ կարեւոր միջազգային 12-րդ համաժողովը, ՀԲԸՄ-ի Վաչէ եւ Թամար Մանուկեան կեդրոնէն ներս, Փասատինա, առաւօտեան ժամը 10։00-էն սկսեալ (արձանագրութիւնները կը սկսին առաւօտեան ժամը 9։00-ին):  Համաժողովին խորագիրն է ` «Երիտասարդներու ազդեցութիւնը մեր ապագային վրայ»:

Այդ օր, համայնքէն չորս ականաւոր դէմքեր, դասախօսներ եւ փորձագէտներ պիտի անդրադառնան կարեւոր նիւթերու, քննարկելով Հարաւային Քալիֆորնիոյ հայ համայնքին երիտասարդութեան ներկայ վիճակը: Միաժամանակ, «Հայ կին երիտասարդական շրջանակ«ի անդամները պիտի ներկայացնեն ներկայ հայ երիտասարդը յուզող ընդհանուր հարցեր:

Օրուան առաջին բանախօս՝ Դանիէլ Ֆիթանթէ, UCLA-ի փիլիսոփայական գիտութիւններու եւ Մերձաւոր արեւելեան լեզուներու եւ մշակոյթներու մասնագէտ, պիտի քննարկէ Քալիֆորնիոյ հայ համայնքի պատմական անցեալը:

Երկրորդ բանախօսն է Գեղամ Մուղնեցեան, Հարաւային Քալիֆորնիոյ համալսարանի հայկական ուսումնասիրութիւններու մասնագէտ, որ պիտի ներկայացնէ ցեղ, երկիր եւ քաղաքացիութիւն հասկցողութիւնները:

Յաջորդ բանախօսը՝ Գրիգոր Ս. Գրիգորեան, փոխ նախագահ Կլենտէյլի հանրային դպրոցներու կրթական խորհուրդի, պիտի քննարկէ ընտանիքի եւ համայնքի կարեւոր դերերն ու «հայրենիքի կանչ»ը:

Քալիֆորնիոյ Պետական համալսարանի  դասախօս եւ նկարիչ Ռիչըրտ Չէմպըրզ պիտի ըլլայ այս համաժողովի վերջին դասախօսը, եզրակացնելով, թէ մարդ ինչպէ՞ս կրնայ գտնել իր ինքնութիւնը եւ համակերպիլ այդ իրականութեան հետ, ցուցադրելով նաեւ տեսաերիզ մը այս մասին:

Համաժողովի աւարտին առիթ պիտի տրուի հարցումներ ուղղելու բանախօսներուն,  այս նիւթերուն վերաբերեալ: Տարբեր համալսարաններու հայ ուսանողական միութիւններ պիտի մասնակցին այս համաժողովին եւ ընդհանուր առմամբ նպատակն է ներկայացնել այսօրուան հայ երիտասարդը յուզող կարեւոր հարցերը եւ մարտահրաւէրները:

Հայ երիտասարդը Հայաստանի ապագան է եւ այս տեսակի համաժողովները անպայման կ՚ունենան իրենց դրական ազդեցութիւնը եւ կարեւորութիւնը թէ՛ հայ նոր սերունդին եւ թէ՛ հայրենիքի բարգաւաճման եւ ինչու չէ նաեւ հայապահպանման գործընթացին մէջ:

Յարատեւ յաջողութիւն «Հայ կին» ընկերակցութեան եւ անոր «Երիտասարդ շրջանակ»ին այս կարեւոր եւ պատասխանատու գործին մէջ, ինչպէս նաեւ անոր այլ աշխատանքներուն եւ առաքելութիւններուն մէջ, ըլլայ սփիւռքի եւ ըլլայ հայրենիքի տարածքին:

ԼԵՆԱ ՄԱՆՈՒԿԵԱՆ

 

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment