Թուրքիոյ «Էրճիյէս»ի համալսարանի նախկին դասախօս պրոֆեսոր Շաքիր Պաթմազը կը մեղադրուի «Ֆեթուլլահական ահաբեկչական կազմակերպութեան» (FETÖ) անդամակցելու եւ պատասխանատու դերակատարի մէջ ըլլալու համար:
«Էրմենիհապեր»-ը գրած է, որ Պաթմազի դէմ ներկայացուած մեղադրականի մէջ կարեւոր տեղ յատկացուած է հայերու հետ յարաբերութիւններուն եւ Կիւլենական համայնքի ղեկավար, իսլամի յայտնի քարոզիչ, ամերիկաբնակ թուրք միլիառտէր Ֆեթուլլահ Կիւլենի հայկական ծագման վերաբերեալ անոր կարծիքին: Ի դէպ, Կիւլենը թուրքական իշխանութիւններու կողմէն կը համարուի FETÖ-ի հիմնադիր-ղեկավար եւ կը մեղադրուի 2016թ. 15 յուլիսի ռազմական յեղաշրջման փորձը կազմակերպելու մէջ:
Պաթմազի մեղադրականի մէջ նշուած է, որ Էրճիյէսի համալսարանի մէջ հայերուն վերաբերող 2 գիտաժողով կազմակերպուած է, որոնք իրականացուած են FETÖ-ի «Կրօններու միջեւ երկխօսութիւն եւ համերաշխութիւն» նախաձեռնութեան շրջանակներու մէջ:
Նաեւ կը նշուի, որ Պաթմազը հիւրընկալուած է Հայոց պատրիարքին, Հայաստանի մէջ մասնակցած է գիտաժողովի եւ «Էրճիյէս»ի համալսարանի մէջ FETÖ-ի անդամներու հետ իրականացուած է հայերէն ներողութիւն խնդրելու արշաւը:
Մեղադրականի այն հատուածի մէջ, որ կը վերաբերի Կիւլենի ծագման, մեջբերուած են Պաթմազի խօսքերը.
«Երբ որպէս պատմաբան կը վերլուծեմ՝ հաշուի առնելով անոր բնակութեան տարածքը, կը մտածեմ, որ Կիւլենը հայկական ծագում ունի: Էրզրումի մէջ, ուր ծնած է Կիւլենը, անցեալին շատ խիտ հայկական բնակչութիւն եղած է: Կը կարծեմ նաեւ, որ ան ծառայած է Ամերիկայի ծաւալապաշտական գործունէութեան»: