Home ՀԱՅԱՍՏԱՆ Երեւան-Մոսկուա Փոխադրամիջոցը Ռուսաստանի մէջ Վթարի Ենթարկուած է, Կան Զոհեր, Վիրաւորներ

Երեւան-Մոսկուա Փոխադրամիջոցը Ռուսաստանի մէջ Վթարի Ենթարկուած է, Կան Զոհեր, Վիրաւորներ

by MassisPost

Հայաստանի արտակարգ իրավիճակներու նախարարութեան մէջ տեղեկութիւն փոխանցուած է, որ Մ-4 «Դոն» միջպետական ճանապարհի 673-րդ քիլոմեթրին տեղի ունեցած է պատահար, զարնուած են Երեւան-Մոսկուա երթուղիի Mercedes մակնիշի 308 AF 61 պետհամարանիշով հանրակառքը եւ բեռնատարը:

Նախարարութեան հաղորդագրութեան համաձայն՝ հանրակառքի եւ բեռնատարի վարորդները մահացած են, նախնական տուեալներով՝ հանրակարգի ուղեւորներէն կայ 9 վնասուած, մօտ 40 ուղեւոր տեղափոխուած է Ռուսաստանի Պավլովսկ քաղաքի մօտակայքը գտնուող “Как дома” հիւրանոց:

ԱԻՆ-ը կը խոստանայ լրացուցիչ տեղեկութիւն տրամադրել:

Ռուսաստանեան «Նովոստի» լրատուական գործակալութեան փոխանցմամբ՝ մարմնական վնասուածքներ ստացած անձերէն 3-ի վիճակը բժիշկները կը գնահատեն որպէս ծանր, 5-ինը՝ միջին ծանրութեան, մէկը ինքը դիմած է բուժօգնութեան համար: 9 վիրաւորներէն 8-ը Հայաստանի քաղաքացիներ են, մէկը՝ Ռուսաստանի:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment