Home ՀԱՅԱՍՏԱՆ ՌԴ-ն Չի Շարունակեր Ատրպէյճանին Նոյն Չափով Զէնքի Մատակարարումը

ՌԴ-ն Չի Շարունակեր Ատրպէյճանին Նոյն Չափով Զէնքի Մատակարարումը

by MassisPost

ՌԴ Դաշնային ժողովի Դաշնութեան խորհուրդի միջազգային գործերով կոմիտէի նախագահ Կոնսդանդին Կոսաչովը ընդգծած է, որ Ռուսաստանը չի շարունակեր նոյն չափերով սպառազինութիւն մատակարարել Ատրպէյճանին, որ կար մինչեւ 2016թ. ապրիլեան պատերազմը: Հայաստանի Ազգային ժողովին լրագրողներու հետ հանդիպման Կոսաչովը նշեց, որ Ռուսաստանը կ’իրականացնէ այն պայմանագիրները, որոնք Ատրպէյճանի հետ կնքուած են մինչեւ 2016թ. Ապրիլ:

«Մենք պարտաւոր ենք ընել ան այդ պայմանագիրներուն համապատասխան: Սակայն իմ ունեցած տեղեկատուութեամբ ան չ’ըլլար այն չափերով, որ կար 2016թ. Ապրիլի դրութեամբ: Անկասկած, մենք կ’արձագանգենք իրավիճակին, որ տեղի ունեցաւ 2016թ. Ապրիլին»,- «Արմենբրես»-ի հաղորդմամբ` ըսած է Կոնսդանդին Կոսաչովը:

Անդրադառնալով դիտարկմանը, թէ ՌԴ նախագահը Չինաստան կատարած այցելութեան ընթացքին, մեկնաբանելով ԱՄՆ-ի կողմէն Ուքրանիոյ զէնքի մատակարարումը, անընդունելի էր համարել հակամարտող երկրին զէնք վաճառելը, սակայն միեւնոյն ժամանակ Ռուսաստանը զէնք կը մատակարարէ Ատրպէյճանին, Կոսաչով ըսաւ. «Վլատիմիր Փութինը խօսած է այն երկրներու մասին, ուր հակամարտութիւնը թէժ փուլի մէջ է, ուր իսկապէս կը կրակեն, իսկ Ուքրանիոյ մէջ իսկապէս կը կրակեն: Լեռնային Ղարաբաղի մէջ, բարեբախտաբար, այս պահին այդպիսի իրավիճակ չկայ»:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment