2018 թուականի վերջաւորութեան Հայաստանի պետական պարտքը կ’անցնի 7 միլիառ տոլարի սահմանը: Պետական պարտքը Հայաստանի տնտեսութեան վրայ շատ լուրջ կը ճնշէ եւ այդ ճնշումը Սերժ Սարգսեանի կառավարման 10 տարիներու ընթացքին աւելի մեծցած է` 2 միլիառէն հասնելով 6.9 միլիառի:
Պետական պարտքի ծաւալները գալիք տարիներուն միտում ունին աւելի մեծնալու, իսկ 2020 թուականին Հայաստանը արդէն պարտաւոր է պարտքէն 1 միլիառ տոլար մարել: Եթէ պետական պարտքը բաժնենք բնակչութեան վրայ, ապա մէկ անձի բաժին կ’իյնայ մօտաւորապէս 2310 տոլար պարտք:
Կառավարութիւնը վարչապետ Կարէն Կարապետեանի գլխաւորութեամբ մէկ անգամ չէ, որ յայտարարած է, թէ լաւատես քաղաքականութիւն պիտի վարեն, պիտի զսպեն ծախսերը: Իսկ Սերժ Սարգսեանը յայտարարած էր, որ քանի մը տարի յետոյ Հայաստանի ՀՆԱ-ն մէկ անձի հաշիւով կը հասնի 10 000 ԱՄՆ տոլարի: Քաղաքագէտ Արմէն Գրիգորեանը կը կարծէ, որ ամբոխավարական յայտարարութիւններու պէտք չէ հաւատալ:
«Սերժ Սարգսեանը 10 տարով յետընթաց է ապահովել եւ յայտարարել նման բան շատ անլուրջ է։ Նման խնդիրները լուծելու տարբերակներից է իսկապէս «գօտիները ձգելը», բայց գօտիները ձգել ոչ թէ կրթութեան հաշուին, այլ ոստիկանութեան հաշուին, ի դէպ, ՀՀ ոստիկանութեան պիւճեն տարեց տարի աւելանում է. 2008 թուականին ոստիկանութեան պիւճեն 31միլիառ դրամ էր, 2016 հասել էր 64 միլիառի։ «Գօտիները ձգելու» լաւագոյն տարբերակը հենց այստեղ է»,- նշած է քաղաքագէտը։