Միացեալ Նահանգները կտրուկ կրճատած Է մարտական այն գործողութիւններու թիւը, որոնք կը կատարուին թուրքական «Ինճիրլիք» ռազմակայանէն եւ կը դիտարկէ այնտեղ մնայուն տեղաւորուած անձնակազմի թուաքանակի կրճատման հնարաւորութիւնը:
Այս մասին կը գրէ The Wall Street Journal թերթըª վկայակոչելով ամերիկացի պաշտօնատարներու, որոնք նշած են, որ տեղի ունեցածի պատճառը երկու երկիրներու միջեւ լարուած յարաբերութիւններն են: Յունուարին, թերթի տուեալներով, ՚Ինճիրլիքՙ ռազմակայանէն Աֆղանիստան տեղափոխուած են A-10 կործանիչներու խումբ մը: Աստիճանաբար կը նուազի ռազմակայանի տարածքի մէջ գտնուող ամերիկացի զինծառայողներու ընտանիքներու թիւը:
Ներկայիս «Ինճիրլիք»ի մէջ կուտակուած են F-22 Raptor եւ F-15 Eagle ամերիկեան կործանիչներ, ինչպէս նաեւ օդանաւեր: ԱՄՆ-ի զինուորական ներկայացուցիչի խօսքով՝ թուրքական ռազմակայանի օգտագործման չափերու կրճատման հարցը «կը քննարկուի արդէն որոշ ժամանակ»: Անգարայի եւ Ուաշինկթընի յարաբերութիւններու մէջ լարուածութիւնը կապուած է այն բանի հետ, որ Թուրքիան լրջօրէն անհանգստացած է Միացեալ Նահանգներու կողմէն սուրիացի քիւրտերու «Ժողովրդական ինքնապաշտպանութեան ուժերու» ջոկատներուն ցուցաբերուող աջակցութենէն: