Home ՀԱՅԱՍՏԱՆԱՐՑԱԽ Ժամանակն է, որ Միջազգային Հանրութիւնը ԼՂՀ-ը Ընդունի Ազգերու Ընտանիք. Ճոն Էվանսի Յօդուածը The National Interest–ի մէջ

Ժամանակն է, որ Միջազգային Հանրութիւնը ԼՂՀ-ը Ընդունի Ազգերու Ընտանիք. Ճոն Էվանսի Յօդուածը The National Interest–ի մէջ

by MassisPost

Արդէն ժամանակն է, որ միջազգային հանրութիւնը Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութիւնը ընդունի ազգերու ընտանիք: Այս մասին The National Interest ամերիկեան վերլուծական հանդէսի մէջ հրապարակուած «Կ’անտեսէ՞ Թրամփը Լեռնային Ղարաբաղի նախագահի այցը» վերնագիրով յօդուածի մէջ գրած է Հայաստանի մէջ ԱՄՆ նախկին դեսպան Ճոն Էվանսը (2004-2006 թթ.)։

Դեսպանը յօդուածը սկսած է՝ անդրադառնալով 451թ․ պարսկական կայսրութեան դէմ հայերու մղած պայքարին եւ նշած, որ չնայած պարտութեան՝ հայերը պահպանեցին քրիստոնէական հաւատքը՝ այն համարելով յաղթանակ։

Գալով մեր օրերուն՝ դիւանագէտը ընդգծած է, որ չնայած չճանչցուած ըլլալուն՝ Արցախը կառուցած է գործօն ժողովրդավարութիւն, որ ունակ է վարել միջպետական յարաբերութիւններ:

Էվանսը յիշեցուցած է, որ նախագահ Բակօ Սահակեանը պիտի այցելէ Ուաշինկթըն. «Ան ընդունելութեան պիտի չարժանանայ վարչակազմի կողմէն, մասամբ, որովհետեւ ԱՄՆ-ը լուռ է այն հարցի մէջ, թէ արդեօք Արցախը պէտք է, ի վերջոյ, անկախ ըլլայ Ազրպէյճանէն, որուն կցուած էր 1921թ․ Իոսիֆ Ստալինի ձեռքով»։

Էվանսի համոզմամբ՝ չնայած ԵԱՀԿ-ի հովանիի ներքոյ այս բանակցութիւնները դեռ կարգաւորման չեն յանգած, Ղարաբաղի ժողովուրդը կառուցած է ծաղկուն ժողովրդավարութիւն՝ հիմնուած շուկայական սկզբունքներու, ազատ եւ արդար ընտրութիւններու եւ մարդու իրաւունքներու հանդէպ յարգանքի վրայ: Դեսպանը նշած է նաեւ, որ Ազրպէյճանը կը պատժէ իւրաքանչիւր ոք, որ կ’այցելէ Ղարաբաղ առանց իր համաձայնութեան:

Եզրափակելով յօդուածը Ճոն Էվանսը կարծիք յայտնած է, որ արդէն ժամանակն է, որ միջազգային հանրութիւնը ԼՂՀ-ը ընդունի ազգերու ընտանիք։

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment