Home ԳԱՂՈՒԹԱՅԻՆ Յիշատակելի Միջոցառումներ Սարգիս Հացպանեանի Մահուան Քառասունքին Առթիւ

Յիշատակելի Միջոցառումներ Սարգիս Հացպանեանի Մահուան Քառասունքին Առթիւ

by MassisPost

hatsbanyan-libraryԱնուանի քաղաքական գործիչ, վերլուծաբան եւ Արցախի հերոսական պայքարի ազատամարտիկներէն Սարգիս Հացպանեանի անժամանակ մահուան քառասունքին առթիւ, անցեալ Կիրակի, Մարտ 4, 2018, տեղի ունեցան յիշատակելի միջոցառումներ: Հարաւային Գալիֆորնիոյ Հայաստանեայց Առաքելական վեց եկեղեցիներու մէջ, կատարուեցան հոգեհանգստեան արարողութիւններ, կազմակերպութեամբ Պոլսահայ եւ «Հայրենիք» Միութիւններու:

Նոյն օրը կէսօրէ ետք Լոս Անճելոսի Պոլսահայ Միութեան կեդրոնին մէջ Հրանտ Տինգի անուան սրահին կից, բացումը կատարուեցաւ Սարգիս Հացպանեանի անուան գրադարանին:

Այնուհետեւ ներկաները հրաւիրուեցան Միութեան գլխաւոր հանդիսասրահը, ուր տեղի ունեցաւ Սարգիս Հացպանեանի նուիրուած յիշատակի հանդիսութիւն եւ հոգեճաշ:

Բեմին վրայ զետեղուած էին Սարգիս Հացպանեանի նկարները, ծաղկեպսակ մը եւ պաստառի վրայ իր հիւանդանոցային վերջին լուսանկարը:

Այստեղ եւս տեղի ունեցաւ հոգեհանգիստ նախագահութեամբ Արժ. Տ. Սերովբէ Քհնյ. Ալանճեանի: Ան այս առթիւ դրուատեց հանգուցեալ Սարգիս Հացպանեանի բարեմասնութիւնները, որպէս նուիրեալ ու խիզախ հայրենասէր:

Գործադրուեցաւ օրուան պատշաճ յայտագիր մը հանդիսավարութեամբ «Հայրենիք» Միութեան հիմնադիրներէն եւ գործադիր մարմնի անդամ Յակոբ Ալեքսանեանի, որ իր հերթին ներկայացուց մեծ հայրենասէր Սարգիս Հացպանեանի կենսագրութիւնը:

Պոլսահայ Միութեան ատենապետ իրաւաբան Էտվին Մինասեան ոգեկոչելով Սարգիս Հացպանեանի յիշատակը բնութագրեց անոր նկարագրային գիծերը, որպէս հաւատաւոր հայրենասէր եւ քաջարի ազատամարտիկ, որ արժանացած էր Պոլսահայ Միութեան «Հրանդ Տինգ»  տարեկան մրցանակին եւ յարեց «Հերոս մըն էր որ կորսնցուցինք: Պիտի աշխատինք շարունակել իր աւանդ ձգած գործըՙ:

Կարդացուեցաւ Եռաբլուրի մէջ Սարգիս Հացպանեանի թաղման ժամանակ Վահրամ Գէորգեանի դամբանականը, ինչպէս նաեւ Հայաստանի Գուգարաց Թեմի Առաջնորդ Գերշ. Սեպուհ Արք. Չուլճեանի ցաւակցականը:

Այս առթիւ սրտի խօսքով ելոյթ ունեցան Տիկ. Վ. Տօնիկեան: Իսկ «Հայրենիք» միութեան կողմէ Յակոբ Պաշմագեան: Ան համապարբակ ձեւով անդրադարձաւ հանգուցեալ Սարգիս Հացպանեանի տարբեր մակարդակներու վրայ ունեցած եւ բեղումնաւոր գործունէութեան մասին թէ որպէս ժողովուրդի արդար իրաւունքներու համար խիզախ մարտնչող եւ թէ որպէս Արցախի ազատագրական պայքարի անձնուէր մարտիկ, ինչպէս նաեւ Հայրենիք Միութեան Հայաստանի եւ յատկապէս Արցախի շինարարական ծրագիրներու կամաւոր աջակից:

Ներկաները յուզումով դիտեցին Սարգիս Հացպանեանի կեանքի ուղիին եւ  վերջին շրջանի հիւանդանոցային վիճակի մասին յուզախառն տեսաերիզ մը:

Սոյն յիշատակելի սգահանդէսն աւարտեցաւ Տէր Սերովբէի «Պահպանիչ» աղօթքով:

Գնահատեի միջոցառում մը արժանաւոր հայու մը համար, որուն համար կը շնորհաւորենք նախաձեռնողները:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment