Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Պէյրութի Մէջ Ծեծի Ենթարկուած է «Թիւֆէնքեան» Հիմնադրամի Գործադիր Տնօրէնը

Պէյրութի Մէջ Ծեծի Ենթարկուած է «Թիւֆէնքեան» Հիմնադրամի Գործադիր Տնօրէնը

by MassisPost

«Թիւֆէնքեան» հիմնադրամի գործադիր տնօրէն Ռաֆֆի Տուտագլեանը Պէյրութի հայաշատ Պուրճ Համուտ թաղամասին մէջ դաժան ծեծի ենթարկուելէ ետք հիւանդանոց տեղափոխուած է՝ գլուխու աչքի  կարգ մը  վնասուածքներով եւ դիմածնոտային կոտրուածքներով:

Անյայտ անձինք 26 Փետրուարին յարձակած էին Տուտագլեանի եւ իր գործընկերոջ վրայ «Շաղզոյեան» մշակութային կեդրոնի կառատան մօտ: Յարձակման պատճառը դեռ յայտնի չէ:

Շատ անհատներ եւ կազմակերպութիւններ, ինչպէս Գանատահայ դերասանուհի Արսինէ Խանճեանը, Արցախի   մարդու իրաւունքներու   պաշտպան  Ռուբէն Մելիքեանը եւ Հայկական իրաւաբանական միութիւնը  դատապարտած են կատարուածը:

«Անչափ զարմացայ ու զայրացայ՝ տեղեկանալով Թիւֆէնքեան հիմնադրամի հայաստանեան գրասենեակի գործադիր տնօրէն Ռաֆֆի Տուտագլեանի նկատմամբ փետրուարի վերջին Պէյրութում կատարուած յարձակման մասին։ Արդէն շուրջ երկու տարի է՝ աշխոյժօրէն գործակցում ենք Ռաֆֆիի հետ, եւ նրա հայրենանուէր գործունէութեան մասին Արցախում գիտեն շատ շատերը։ Վստահ եմ, որ նրա վրայ ձեռք բարձրացրած տաք գլուխ դեռահաս-երիտասարդները, երբ մի օր գոնէ մասնակիօրէն գիտակցեն նրա վաստակը Հայրենիքի առջեւ, խորապէս զղջալու ու ներում են խնդրելու Ռաֆֆիից։ Շուտափոյթ ապաքինում, Ռաֆֆի ճան»,- նշած է Ռուբէն Մելիքեանը։

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment