Home ՀԱՅԱՍՏԱՆ Խորհրդարանը Ընտրեց Բարձրագոյն Դատական Խորհուրդի 5 Անդամներ

Խորհրդարանը Ընտրեց Բարձրագոյն Դատական Խորհուրդի 5 Անդամներ

by MassisPost

Հայաստանի խորհրդարանը երէկ փակ գաղտնի քուէարկութեամբ ընտրած է Բարձրագոյն դատական խորհուրդի 5 անդամները:

Ընտրութեան 105 պատգամաւորներէն 98-ը  մասնակցած է։

Խորհուրդի անդամի առաջին պաշտօնին ընտրուած է Սահմանադրական դատարանի նախագահ Գագիկ Յարութիւնեանը, երկրորդ պաշտօնին՝ Արդարադատութեան նախկին նախարար Գէորգ Դանիէլեանը, երրորդ պաշտօնին՝ իրաւաբանական գիտութիւններու թեկնածու Լիպարիտ Մելիքճանեանը, չորրորդ պաշտօնին՝ Հայաստանի հաշտարարներու ինքնակարգաւորուող կազմակերպութեան նախագահ Հայկ Յովհաննիսեանը, հինգերորդ պաշտօնին՝ Իրաւագիտութեան հիմնարկի Քաղաքացիական դատավարութեան ամպիոնի վարիչ Սերկէյ Մեղրեանը։

Խորհուրդի առաջին երեք անդամներն ընտրուած են հինգ, վերջին երկուքը՝ երեք տարի ժամկէտով։

Ընտրութիւններուն յաջորդած է անոնց երդմնակալութեան արարողութիւնը։

Արարողութենէն ետք «Ելք» խմբակցութեան ղեկավար Նիկոլ Փաշինեանը յայտարարած է. – «Բարձրագոյն դատական խորհրդի անդամների ընտրութեան արդիւնքներով յանձնաժողովի ներկայացուցիչը յայտարարեց, որ Գագիկ Յարութիւնեանը ստացել է երկու դէմ ձայն, լիազօրուած եմ յայտարարել, որ «Ելք» խմբակցութեան բոլոր պատգամաւորներն, ովքեր մասնակցել են քուէարկութեանը՝ եօթ հոգի, քուէարկել են դէմ Գագիկ Յարութիւնեանին եւ Գէորգ Դանիէլեանին, եւ սա ես համարում եմ մանր ժուլիկութիւն ներքաղաքական հեռուն գնացող նպատակներ ունեցող մեծամասնութեան ներկայացուցիչների կողմից ուղղուած ընդդէմ «Ելք» դաշինքին»։

ՀՀԿ խմբակցութեան քարտուղար Գագիկ Մելիքեանը մեղադրանքներն անհիմն որակած է։

«Մենք պահանջում ենք հետաքննութիւն անցկացնել», – յայտարարած է Փաշինեան։

Նշենք, որ Բարձրագոյն դատական խորհուրդը հանրապետութեան նախագահին պիտի առաջարկէ նշանակել դատաւորներու, դատարաններու նախագահներու եւ Վճռաբեկ դատարանի պալատներու նախագահներու թեկնածուները: Պիտի լուծէ դատաւորին կարգապահական պատասխանատուութեան ենթարկելու, լիազօրութիւնները դադրեցնելու հարցերը, նաեւ՝ դատաւորի նկատմամբ քրէական հետապնդում յարուցելու կամ անոր ազատութենէն զրկելու վերաբերեալ համաձայնութիւն տալու հարցը:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment