Ինչպէ՞ս պիտի կարգաւորուի ղարաբաղեան խնդիրը, հնարաւո՞ր է արդեօք առաջընթաց հայ-թրքական յարաբերութիւններուն մէջ, եւ որո՞ւ շահերուն կը ծառայէ Հայաստանի մէջ տեղակայուած ռուսական ռազմակայանը՝ ասոնք էին հիմնական եւրոպացի պատգամաւորներուն հետաքրքրող հարցերը, Փետրուար 21-ին Եւրոխորհրդարանի արտաքին յարաբերութիւններու յանձնաժողովին Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Էտուարտ Նալպանտեանի հետ հանդիպման ժամանակ:
Ղարաբաղեան խնդիրը յայտնուած է փակուղիի առաջ, եւ այս իրավիճակին մէջ անհրաժեշտ է, որ Հայաստանի ու Ատրպէյճանի կառավարութիւնները աւելի շատ ջանքեր գործադրեն, յայտարարած է եւրոպացի պատգամաւորներէն մէկը, փաստելով՝ ի տարբերութիւն Նալպանտեանի, Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարը, օրինակ, բոլորովին այլ կերպ կը մեկնաբանէ ժողովուրդներու ինքնորոշման սկզբունքի իրագործումը: Ի պատասխան, Նալպանտեանը պնդած է՝ Պաքուն կը փորձէ տարանջատել սեղանին դրուած առաջարկները, մինչդեռ համանախագահները անոնք կը դիտարկեն մէկ ամբողջութեան մէջ:
Ըստ այդմ, Ղարաբաղի վերջնական կարգավիճակը պէտք է որոշուի բնակչութեան՝ պարտադիր իրաւական ուժ ունեցող կամքի արտայայտութեամբ: Երկրորդ տարրն այն է, որ մինչ այդ Ղարաբաղը պէտք է ունենայ միջանկեալ կարգավիճակ, ինչը կը նշանակէ, որ անոնք պիտի պահպանեն այն ամէնը, ինչ ունին այսօր՝ իշխանութիւններէն մինչեւ պաշտպանական բանակ, ու նաեւ՝ միջանկեալ կարգավիճակի ճանաչում միջազգային հանրութեան կողմէ: Երրորդ բաղադրիչը Լաչինի միջանցքն է, չորրորդը՝ անվտանգութեան բազմաշերտ երաշխիքները, այդ շարքին՝ խաղաղապահ ուժերու տեղակայումը Ղարաբաղի շուրջը, հինգերորդ՝ բոլոր փախստականներու ու բոլոր տեղահանուածներու վերադարձ, եւ վեցերորդ՝ հողերու վերադարձ: Հայկական կողմը մի քանի անգամ նշած է, որ պատրաստ է շարունակել բանակցութիւնները այս հիմքի վրայ:
Ղարաբաղեան խնդրի մասին Նալպանտեան յիշած է նաեւ քննարկման աւարտին, երբ Սլովենիայէն Իւօ Վայկլը հետաքրքրուած է, թէ՝ ի՞նչ կ’ընեն ռուսական զօրքերը Հայաստանի մէջ, իսկապէ՞ս Հայաստանի ինքնավարութիւնը անոր ներկայութենէն կախուած է: «Ռուսաստանը չի ստիպել մեզ տեղակայել իր զօրքերը, Հայաստանն է խնդրել», – արձագանգած է արտաքին գործոց նախարար Նալպանտեանը, պնդելով՝ ռուսերը յանձն առած են պաշտպանել Հայաստանը ցանկացած յարձակման պարագային:
Խօսելով Հայաստանի արտաքին քաղաքականութեան գերակայութիւններու մասին՝ Նալպանտեանը պնդած է, որ Երեւանը պիտի շարունակէ «ե՛ւ, ե՛ւ»-ի քաղաքականութիւնը՝ խորացնելով կապերը ոչ միայն Ռուսաստանի նախաձեռնած Եւրասիական միութեան, այլեւ եւրոպական ընտանիքի հետ: