Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Լիբանանի Նախագահը Ծիծեռնակաբերդի Մէջ Յարգած է Ցեղասպանութեան Զոհերու Յիշատակը

Լիբանանի Նախագահը Ծիծեռնակաբերդի Մէջ Յարգած է Ցեղասպանութեան Զոհերու Յիշատակը

by MassisPost

Լիբանանի Հանրապետութեան նախագահ Միշէլ Աուն, ՀՀ Տարածքային կառավարման եւ զարգացման նախարար Դաւիթ Լոքեանի եւ լիբանանեան պատուիրակութեան անդամներու ուղեկցութեամբ, երէկ՝ 21 փետրուարին Հայոց ցեղասպանութեան զոհերու յիշատակի Ծիծեռնակաբերդ համալիր այցելած եւ ծաղկեպսակ տեղադրած է։

Նշենք, որ Աունը պաշտօնական այցով ժամանած է Հայաստան: Այցի շրջանակէն ներս նախատեսուած են Լիբանանի Հանրապետութեան նախագահի հանդիպումները ՀՀ բարձրագոյն ղեկավարութեան՝ Նախագահի, Ազգային ժողովի նախագահի, վարչապետի հետ:

Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ նախագահ Միշել Աուն հանդիպում պիտի ունենայ նաեւ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Գարեգին Բ Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսի հետ, այնուհետեւ պիտի այցելէ Մայր Տաճար եւ գանձատուն:

Հանրապետութեան Նախագահի նստավայրէն ներս տեղի պիտի ունենայ հայ-լիբանանեան բարձր մակարդակի բանակցութիւններ։

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment