Երէկ Իսրայէլի Քնեսեթի լիագումար նիստին առաջին անգամ քննարկուած է Հայոց ցեղասպանութեան օրը նշելուն վերաբերող նախագիծը: Այն ձայներու 41 դէմ, 28 կողմ եւ ոչ մէկ ձեռնպահ յարաբերակցութեամբ մերժուած է: Նախագիծի հեղինակը «Եէշ Աթիտ» («Կայ ապագայ») կուսակցութեան խորհրդարանական խմբակցութեան ղեկավարն էր:
Ան խօսած է ընդամէնը 3 վայրկեան, իր ելոյթին մէջ յիշեցնելով հրեաներու ցեղասպանութիւնը ծրագրած Ատոլֆ Հիթլերի 1939 թուականին արտասանած հետեւեալ խօսքերը՝ «Ո՞վ այսօր կը խօսի հայերու ցեղասպանութեան մասին»: «Ու քանի որ չենք խօսիր ցեղասպանութիւններու մասին, անոնք կը կրկնուին»,- ըսած է «Եէշ Աթիտ»-ի խմբակցութեան ղեկավարը:
Պատգամաւորներէն շատերը հարց կը հնչեցնէին, թէ ինչո՞ւ հիմա կը ներկայացուի այդ նախագիծը, ինչին ի պատասխան՝ «Եէշ Աթիտ»-ի խմբակցութեան ղեկավար Լապիտն ըսած էր․ «Այս հարցը պարզ խնդիր չէ, բանավէճի խնդիր չէ, այն պարզ բարոյական հարց է այն բանի վերաբերեալ, թէ մենք՝ հրեաներս արդեօ՞ք կրնանք ժխտել ցեղասպանութիւնը: Սա ընդդիմութեան եւ իշխանական տեսակէտներու հարց չէ, սա հրեաներու եւ ոչ հրեաներու խղճի հարցն է»:
Իսրայէլի ԱԳ փոխնախարար Ցիպի Խոտովելին քննարկման ժամանակ ըսած է․ «1991 թուականին Հայաստանի անկախութեան հռչակումէն ետք Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարութեան հիմնական նպատակը դարձաւ Հայոց ցեղասպանութեան միջազգային ճանաչումը: 2015 թուականին Հայաստանի կառավարութիւնը նպատակ դրած էր, որ ԱՄՆ-ն, ԵՄ-ն եւ Իսրայէլը պաշտօնապէս ճանչնան Հայոց ցեղասպանութիւնը: Երեքն ալ չճանչցան:
Այս խնդիրը քանի մը անգամ քննարկուած է, բայց մեր դիրքորոշումը մնացած է անփոփոխ: Շատ կարեւոր է ճանչնալ հայ ժողովուրդի ողբերգութիւնը, և մենք՝ հրեաներս կը հասկնանք այդ, բայց չենք կրնար փոխել մեր արտաքին քաղաքականութիւնը, քանի որ առկայ են դիւանագիտական մեծ խնդիրներ»:
Իր ելոյթէն ետք Իսրայէլի ԱԳ փոխնախարարը առաջարկած է նախագիծին դէմ քուէարկել: Քննարկման ժամանակ հնչած են փոխադարձ մեղադրանքներ, ինչէն ետք տեղի ունեցած է քուէարկութիւնը: Այս օրերուն Իսրայէլ գտնուող՝ հայկական խորհրդարանական պատուիրակութեան անդամները չեն ցանկացած ներկայ գտնուիլ Քնեսեթի մէջ կայացած քննարկումներուն եւ քուէարկութեան: