Միացեալ Նահանգներու Ազգային հետախուզութեան տնօրինութեան գրասենեակը` Տեն Քոութսի գլխաւորութեամբ, Փետրուար 13-ին հրապարակած է ԱՄՆ հետախուզութեան զեկոյցը աշխարհի մէջ հնարաւոր սպառնալիքներու առնչութեամբ: Ինչպէս կը հաղորդէ «Արմէնբրես»-ը, հրապարակուած զեկոյցին մէջ անդրադարձ կատարուած է նաեւ հակամարտութեան Լեռնային Ղարաբաղի, ուր ամերիկեան կողմը 2018 թուականին բռնութեան նոր դրսեւորումներու վտանգ կը տեսնէ:
Մասնաւորապէս կը նշուի, որ Լեռնային Ղարաբաղի շուրջ լարուածութիւնը կրնայ յանգեցնել Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ լայնածաւալ ռազմական հակամարտութեան, որ կրնայ ներգրաւել Ռուսիան` աջակցելու տարածաշրջանին մէջ իր դաշնակիցին:
ԱՄՆ ազգային հետախուզութեան գրասենեակի գնահատումով` կողմերուն միջեւ փոխզիջման երթալու ցանկութեան բացակայութիւնը, Ատրպէյճանի կողմէ սպառազինութեան մշտական արդիականացումը, ինչպէս նաեւ Հայաստանի կողմէ նոր ռուսական զինամթերքի ձեռքբերումը 2018 թուականին լայնածաւալ բռնկումներու վտանգ կ՛առաջացնեն: