Ֆութպոլի Աշխարհի գաւաթը առաջին անգամ ըլլալով ժամանած է Հայաստան եւ ցուցադրուած Երեւանի մէջ:
Չորեքշաբթի օր գաւաթը հայաստանցիներուն ներկայացուցած է Ֆրանսայի հաւաքականի կազմին մէջ 1998 թուականի աշխարհի առաջնութեան ախոյեան, «Ռէալ»ի նախկին ֆութպոլիստ Քրիսթիան Քարամպիոն:
«Սա հնարաւորութիւն կու տայ բոլոր երեխաներուն երազանքը իրականութիւն դարձնել, եւ ես կ’ուզեմ քաջալերել աւագին՝ Հենրիխ Մխիթարեանին, որ իր ազգային խումբով խաղայ եւ վստահութիւն ձեռք բերէ, յաջորդ անգամ յաղթահարելու համար աշխարհի գաւաթի որակաւորման փուլը: Եւ այստեղ գալով յոյս ունինք, որ զարկ պիտի տանք Հայաստանի մէջ ֆութպոլի տարածման, եւ իհարկէ, ՖԻՖԱ-ի մրցաշարին մէջ խաղալու հնարաւորութիւն կ’ըլլայ», – ըսած է ան:
Ֆութպոլի աշխարհի առաջնութեան ոսկեայ գաւաթի շրջագայութիւնը աշխարհի տարբեր երկիրներով սկսած է 2006 թուականին: Առաջին անգամ գաւաթը այցելած է 29 երկիր՝ աւելի քան 175 հազար երկրպագուի հնարաւորութիւն տալով լուսանկարուիլ անոր հետ: 2010 թուականին գաւաթը եղած է 84 երկրի մէջ, իսկ 2014-ին՝ 90 երկրի՝ մէկ միլիոնէ աւելի երկրպագուի հնարաւորութիւն տալով լուսանկարուիլ:
Այս տարուայ ֆութպոլի աշխարհի առաջնութեան գաւաթի շրջագայութեան սկիզբը մեկնարկած է Ռուսաստանէն: 2018 թուականի մայիսին ոսկեզօծ գաւաթի շրջագայութիւնը կ’աւարտի, այցելելով 91 քաղաք:
Ոսկեզօծ գաւաթի նկատմամբ յատուկ հսկողութիւն սահմանուած էր: Ազատութեան հրապարակի մէջ հերթեր գոյացած էին․ հայ ֆութպոլասէրները հաւաքուած էին գաւաթը տեսնելու եւ լուսանկարուելու համար:
«Տպաւորութիւնները շատ լաւ են, քանի որ Հայաստանի մէջ աննախադէպ բան տեղի կ’ունենայ, – «Ազատութեան» հետ զրոյցին ըսած է երկրպագուներէն մէկը:
«Կը ցանկանայի Մխիթարեանը մեր խումբով արժանանար այս գաւաթին, ես ալ կողքը կանգնած նկարուէի», – աւելցուցած է մէկ ուրիշը:
Ֆութպոլի աշխարհի 21-րդ առաջնութիւնը 2018 թուականին պիտի կայանայ Ռուսաստանի 11 քաղաքներու 12 մարզադաշտերու մէջ: Մէկամսեայ առաջնութեան մեկնարկը պիտի տրուի 14 յունիսին: