Home ԳՐԱԿԱՆ Չարենցի Տուն-Թանգարանը Չեղեալ Յայտարարած է Սահակաշվիլիի «Ուժերու Զարթօնք» Գիրքի Շնորհահանդէսը

Չարենցի Տուն-Թանգարանը Չեղեալ Յայտարարած է Սահակաշվիլիի «Ուժերու Զարթօնք» Գիրքի Շնորհահանդէսը

by MassisPost

Եղիշէ Չարենցի տուն-թանգարանը չեղարկած է Միխաիլ Սահակաշվիլիի «Ուժերու զարթօնք» ինքնակենսագրական գիրքի՝ հայերէն թարգմանութեան շնորհահանդէսը:

Միջոցառումը նախատեսուած էր թանգարանի սրահէն ներս, Փետրուար 7-ին։ Նախօրէին, սակայն, Չարենցի տուն-թանգարանի տնօրէնը գիրքի թարգմանիչ Միքայէլ Նահապետեանին տեղեկացուցած է, որ թեքնիք խնդիրներու պատճառով շնորհահանդէսը տեղի պիտի չունենայ։

Գիրքի թարգմանիչը սակայն ըսած է, որ մեծ հաւանականութեամբ ճշմարիտ է մամուլի այն վարկածը, թէ պատճառը ոչ թէ թեքնիքական է, այլ Մշակոյթի նախարարութիւնը թանգարանի ղեկավարութեան հրահանգած է չեղարկել գիրքի շնորհահանդէսը:

«Տարբեր կողմերից ինձ հասնող այն շշուկներն են, որ իրական պատճառը եղել է նախարարութեան կողմից հրահանգը։ Եթէ նման հրահանգ եղել է, դա ինքնին առանց բացատրութիւնների շատ վատ երեւոյթ է, եւ եթէ չի եղել նման հրահանգ, էլի մենք գործ ունենք վատ երեւոյթի հետ», – ըսած է Նահապետեանը։

Եղիշէ Չարենցի տուն-թանգարանի տնօրէն Անահիտ Ասատրեանը կտրականապէս հերքած է տեղեկութիւնը, թէ Մշակոյթի նախարարութիւնը արգիլած է գիրքի շնորհահանդէսը:

Հարցին, թէ գիրքի բովանդակութեան, Սահակաշվիլիի ինքնակենսագրականի հետ որեւէ խնդիր չի՞ տեսներ, տուն-թանգարանի տնօրէնը պատասխանած է. – «Ես չեմ էլ տեսել ինչ բան է, ախր եթէ մի բանին ծանօթ չեմ, ի՞նչ խնդիր կարող եմ ունենալ»:

Գիրքին մէջ Միխաիլ Սահակաշվիլին կը պատմէ 2003 թուականի Վարդերու յեղափոխութեան, իր իշխանութեան գալու, իրականացուցած արմատական բարեփոխումներու մասին, կը գաղտնազերծէ ռուս-վրացական պատերազմի որոշ դրուագներ, գրած է իր եւ Վլատիմիր Փութինի անձնական շփումներու մասին, անդրադարձած է Ուքրանիայի մէջ ստեղծուած վիճակին, Ղրիմի բռնակցման:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment