Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Ատրպէյճանը Չի Կրնար Լայնածաւալ Պատերազմի Երթալ. Վաղարշակ Յարութիւնեան

Ատրպէյճանը Չի Կրնար Լայնածաւալ Պատերազմի Երթալ. Վաղարշակ Յարութիւնեան

by MassisPost

ՀՀ պաշտպանութեան նախկին նախարար Վաղարշակ Յարութիւնեանը կը հաւաստիացնէ, որ Հայաստանի հակաօդային պաշտպանութիւնը այսօր տարածաշրջանի մէջ լաւագոյնն է: «Արմէնբրէս»-ի հաղորդմամբ, այս մասին ան ըսած է լրագրողներու հետ զրոյցի ժամանակ:

Անոր խօսքով, Հայաստանը աւելի շուտ եւ ճիշդ ձեւով սկսած է բանակաշինութիւնը, եւ հայ սպաները աւելի պատրաստուած են:

«Դեռ 26 տարի առաջ, երբ փլուզուեց ԽՍՀՄ-ը, մեր հարեւան պետութիւն Ատրպէյճանը աւելի շատ զէնք ու զինամթերք ունէր, բայց մեր ճիշդ քաղաքականութեան արդիւնքում մեզ յաջողուեց զէնք-զինամթերքի հաւասարակշռութիւն ապահովել։ Երբ մենք մտանք ՀԱՊԿ, ստորագրեցինք հայ-ռուսական յարաբերութիւնների վերաբերեալ պայմանագիր, կարողացանք ստանալ զէնք-զինամթերք, որը լիովին ապահովեց մեր մարտական գործողութիւնները։ Այն ժամանակ մենք ձեւաւորեցինք մեր ռազմական ուսումնական հաստատութիւնը, Ռուսաստանում սկսեցինք պատրաստել մասնագէտներ, եւ մինչ այսօր այնտեղ անվճար պատրաստուել է մօտ 4000 սպայ։ Այն զէնքը, որ հիմա ստանում ենք ՌԴ-ից, կամ անվճար է, կամ աւելի էժան, քան ստանում է Ատրպէյճանը։ Օրինակ՝ հրասայլի (թանկի) 1 արկի արժէքը 6 հազար 9 հարիւր տոլար է եւ եթէ այդ ճանապարհով չգնայինք, մեր պիւտճէի վրայ մեծ ծանրութիւն կը լինէր»,- նշած է Յարութիւնեանը։

Անոր պնդմամբ, Ատրպէյճանը չի պատրաստուիր եւ չի կրնար լայնածաւալ պատերազմի երթալ, քանի որ այսօր գոյութիւն ունի ռազմաքաղաքական հաւասարակշռութիւն, ինչը կ’արգիլէ Ատրպէյճանին։

«Մեր հակաօդային պաշտպանութիւնն այսօր տարածաշրջանում լաւագոյնն է։ Մեր ներքին միջոցները օգտագործելով՝ պահպանում ենք այդ հաւասարակշռութիւն»,- ընդգծած է ՀՀ պաշտպանութեան նախկին նախարարը։

Անդրադառնալով ապրիլեան պատերազմին, ան շեշտած է, որ այդ ժամանակ յայտնաբերուած են տարբեր բացթողումներ՝ հայկական բանակէն ներս:

«2016 թուականից մինչ այսօր բանակում կատարուել են լրջագոյն աշխատանքներ. Շփման գծում տեղադրուել են հետախուզական համակարգեր, որոնք 5-8 քմ. խորութեամբ «տեսնում են» Ատրպէյճանի տարածքը, դրա համար այս երկու տարուայ ընթացքում Ատրպէյճանի սադրիչ  գործողութիւնները կտրուկ նուազել են։ Հիմա մեր բանակում շատ մեծ ուշադրութիւն են դարձնում թեխնիկայի արտադրութեանը։ Արտադրում ենք ԱԹՍ-ներ եւ, իհարկէ, մեր արտադրածն իսրայէլականից աւելի թոյլ է, բայց աւելի էժան գնով ենք արտադրում ու կարող ենք արդիւնաւէտ դիմադրել այդ գործողութիւններին»,- ըսած է Վաղարշակ Յարութիւնեանը։

ՊՆ նախկին նախարարը ընդգծած է, որ հիմա բանակին մէջ ընկերային հարցերուն աւելի մեծ ուշադրութիւն կը դարձնեն, քան անցեալին, ինչը, անոր կարծիքով, շատ կարեւոր է։ Ամփոփելով ան ըսած է, որ 26 տարուայ ընթացքին Հայաստանը ճանապարհ անցած է, ունեցած է յաղթանակ՝ շնորհիւ եղած հնարաւորութիւններու ճիշդ օգտագործման:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment