Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Սարգսեան-Մաքրոն Հանդիպում Փարիզի Մէջ ՀՀ նախագահը Իր Ֆրանսացի Պաշտօնակիցը Հրաւիրեց Հայաստան

Սարգսեան-Մաքրոն Հանդիպում Փարիզի Մէջ ՀՀ նախագահը Իր Ֆրանսացի Պաշտօնակիցը Հրաւիրեց Հայաստան

by MassisPost

Ֆրանսա կատարած աշխատանքային այցի ծիրէն ներս Սերժ Սարգսեանը Յունուար 23-ին Ելիզէյի պալատէն ներս հանդիպում ունեցած է Ֆրանսայի նախագահ Էմանուէլ Մաքրոնի հետ:

Նախագահ Մաքրոն ողջունած է Հայաստանի նախագահին եւ նշած, որ հանդիպման ժամանակ կ’ակնկալէ հայ-ֆրանսական բարեկամական յարաբերութիւններէն բացի, քննարկել բազմակողմ ձեւաչափով, այդ շարքին՝ Ֆրանքոֆոնի ծիրէն ներս համագործակցութիւնը, Հայաստան-Եւրոմիութիւն յարաբերութիւններու յետագայ զարգացումը ՀՀ-ԵՄ շրջանակային համաձայնագրի ստորագրումէն ետք:

Ֆրանսայի նախագահը գործընկերոջմէն հետաքրքրուած է նաեւ ԼՂ հիմնախնդրի կարգաւորման բանակցային գործընթացի վերջին զարգացումներով եւ այդ գործընթացը առաջ մղելու հնարաւորութիւններու վերաբերեալ նախագահ Սարգսեանի մօտեցումներով, ինչպէս նաեւ տարածաշրջանի երկիրներու հետ Հայաստանի յարաբերութիւններով:

Նախագահներ Սերժ Սարգսեանը եւ Էմանուէլ Մաքրոնը կարեւորած են հայ-ֆրանսական խորհրդարանական յարաբերութիւններու շարունակական զարգացումը, տնտեսական ոլորտի մէջ համագործակցութեան աշխուժացումը՝ ընդգծելով, որ տնտեսական յարաբերութիւնները անհրաժեշտ է հասցնել վերընթաց զարգացող երկկողմ քաղաքական յարաբերութիւններու ներկայիս բարձր մակարդակին:

Անդրադառնալով Հայաստանի մէջ այս տարի իրականացուելիք Ֆրանքոֆոնի գագաթնաժողովին՝ նախագահ Էմանուէլ Մաքրոն ընդգծած է, որ Ֆրանսան Հայաստանի կողքին է եւ հնարաւորինս պիտի աջակցի գագաթնաժողովը բարձր մակարդակով իրականացնելու համար: Նախագահ Մաքրոնը սիրով ընդունած է գագաթնաժողովին մասնակցելու՝ Նախագահ Սարգսեանի հրաւէրը եւ նշած, որ մեծ նշանակութիւն կու տայ այդ կարեւոր իրադարձութեան:

Նախագահներ Սերժ Սարգսեան  եւ Էմանուէլ Մաքրոն  իրենց  հանդիպման արդիւնքները ամփոփած են ԶԼՄ-ներու առջեւ յայտարարութիւններով:

Ֆրանսայի նախագահ Էմանուէլ Մաքրոն՝ ՀՀ նախագահ Սերժ Սարգսեանի հետ հանդիպումէն ետք յայտարարած է, որ Ֆրանսան մշտապէս պիտի ըլլայ Հայաստանի կողքին: «Մեր հանդիպման ժամանակ որոշեցինք լայնացնել ֆրանսերէնի դերը կրթութեան մէջ, ընդլայնել Ֆրանսական համալսարանը, ստեղծել մշակութային կեդրոն: Միաժամանակ, կ՝ուզեմ բարձր գնահատել հայկական սփիւռքի դերը եւ յիշեցնել, որ Յունուար 30-­ին պիտի մասնակցիմ Ֆրանսայի հայկական կազմակերպութիւնները համակարգող խորհուրդի ընթրիքին:

Անդրադառնալով ղարաբաղեան հակամարտութեան` Ֆրանսայի նախագահը ընդգծած է հիմնախնդիրը լուծելու կարեւորութիւնը:

«Ատիկա պէտք է ըլլայ համարձակ փոխզիջում: Գիտեմ, որ խաղաղութիւն քարոզելը շատ դժուար է, կ՝ուզեմ, որ հանդիպումները յստակ արդիւնքներ ունենան»,- ըսած է Ֆրանսայի նախագահը` դրական գնահատելով իւրաքանչիւր հանդիպում` ուղղուած երկխօսութեան ամրապնդման:

Մաքրոն նաեւ յոյս յայտնած է, որ Ֆրանսայի, Ռուսիոյ եւ ԱՄՆ միջնորդական ջանքերը արդիւնք պիտի տան` հակամարտութեան կարգաւորման նպատակով:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment