Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ «Հրանդ Տինքը Սպաննողը Թրքական Պետութիւնն է»․ Ճեմ Օզտեմիր

«Հրանդ Տինքը Սպաննողը Թրքական Պետութիւնն է»․ Ճեմ Օզտեմիր

by MassisPost

Գերմանիոյ Քէոլն քաղաքին մէջ տեղի ունեցած է Հրանդ Տինքի յիշատակին նուիրուած ձեռնարկ:

Պոլսահայ «Ակօս» թերթին փոխանցած տեղեկութիւններով, Քէոլնի մէջ, Տինքի յիշատակի ձեռնարկին մասնակցած են Թուրքիոյ եւ Գերմանիոյ յայտնի մտաւորականներ եւ քաղաքական գործիչներ:

Ձեռնարկին ընթացքին ելոյթ ունեցած է Գերմանիոյ Կանաչներու կուսակցութեան համանախագահ Ճեմ Օզտեմիրը` յայտարարելով, որ Տինքը սպաննողը թրքական պետութիւնն է:

«Տինքի սպանութեամբ Թուրքիոյ մէջ ժամանակը ետ գնաց: Թուրքիոյ մէջ հիմա նոյնիսկ մամուլը ազատ չէ»,- ըսած է Ճեմ Օզտեմիր:

Թուրք յայտնի իրաւապաշտպան Ռակիպ  Զարաքօլու, իր հերթին, նշած է, որ Տինքի սպանութիւնը կազմակերպողները մէկ բան հաշուի չէին առած, որ Տինքի սպանութիւնը Թուրքիոյ հասարակութեան մօտ խղճի պայթիւն պիտի առաջացնէ: «Այս առումով Հրանդ Տինքը իր մահով Թուրքիոյ մէջ շատ բան փրկեց»,- ըսած է Զարաքօլու:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment