Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Հալէպի Մէջ Վերաբացուած է Կիլիկեան Ճեմարանը

Հալէպի Մէջ Վերաբացուած է Կիլիկեան Ճեմարանը

by MassisPost

Սուրիոյ Հալէպ քաղաքին մէջ,   Յունուար 22-ին վերաբացուած է Կիլիկեան ճեմարանը։ Այդ մասին յայտնած է Հայ Առաքելական եկեղեցւոյ Բերիոյ Թեմի ֆէյսպուքեան էջը։

Հանդիսաւոր արարողութիւնը կայացած է առաւօտեան, ժամը 11-ին, ճեմարանի երկրորդական բաժնի շրջափակէն ներս, Տէր Շահան արքեպիսկոպոս Սարգսեանի հովանաւորութեամբ։ Մատաղի արարողութենէն ետք կայացած է ճեմարանի բացումը։

Կիլիկեան կրթական հաստատութեան հոգաբարձութեան խօսքը արաբերէնով արտասանած է Վարուժ Սիւլահեանը, իսկ Տնօրէնութեան խօսքը, ճեմարանի այժմեան տնօրէն Աբրահամ Զուպրիկեանը:

Բացման արարողութեան ներկայ եղած են Հայաստանի Հանրապետութեան Հալէպի Գլխաւոր Հիւպատոս Արմէն Սարգիսեանը, հայկական միութիւններու եւ կազմակերպութիւններու ներկայացուցիչներ, ինչպէս նաեւ Սուրիոյ Կրթութեան նախարարութեան ներկայացուցիչ, Հալէպի կրթական տնօրէնութեան փոխ տնօրէն, մասնաւոր դպրոցներու բաժնի պատասխանատուն, որ ի խօսքին մէջ իր ուրախութիւնը յայտնած է՝ ճեմարանի երկրորդական բաժնի վերականգնման առթիւ, նշելով, որ Կիլիկեանը երկար տարիներ  Հալէպի լաւագոյն դպրոցներէն մէկը եղած էր իր ուսման մակարդակով եւ մաղթած է,  որ նոյն յաջողութեամբ ան  շրունակէ իր վերելքը եւ միւս շէնքերը եւս  շուտով վերակառուցուին:

Բացման հանդիսութեան, ճեմարանի աշակերտութեան կողմէ ներկայացուած է գեղարուեստական յայտագիր մը: Աւարտին տեղի ունեցած է կարկանդակի հատում եւ հիւրասիրութիւն:

Կիլիկեան ճեմարանը 5 տարի հրթիռակոծումներու թիրախ դարձած էր եւ զգալիօրէն վնասուած։ Այժմ այն իր դռները կը բանայ վերանորոգումէն ետք։ ճեմարանը վերանորոգման աշխատանքները սկիզբ առած էին Օգոստոս 2017-ին: Աշխատանքները կեդրոնացած էին յատկապէս վարժարանի երկրորդական բաժնի  մասնաշէնքին  վրայ:

Կիլիկեան  ճեմարանը հիմնուած  է 1921 թուականին, եւ այն կը համարուի յետ եղեռնեան շրջանին Հալէպի մէջ հիմնադրուած առաջին վարժարանը:

Դպրոցը կը բաղկանայ  երեք շէնքերէ ՝  մանկապարտէզ, նախակրթարան եւ երկրորդական:  Դպրոցը,  գտնուելով   բախումներու  գիծին մօտիկ  շրջանի մը  մէջ, կը համարուի պատերազմին հետեւանքով ամէնէն շատ վնասուած հայկական վարժարանը: Ծանր  վնասներ կրած են  Մանկապարտէզի եւ  Երկրորդականի մասնաշէնքերը, մինչ   նախակրթարանի շէնքը  ամբողջութեամբ աւերակուած է:

Պատերազմի  ամբողջ  տեւողութեան Կիլիկեան ճեմարանի աշակերտութեան դասաւանդութիւնները շարունակուած էին «Նոր Սերունդ» մշակութային միութեան յարկին տակ:

 

guiligian school5

guiligian school2

guiligian school3

guiligian school4

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment