Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Նախագահ Սերժ Սարգսեան Աշխատանքային Այցով Ժամանած է Ֆրանսա

Նախագահ Սերժ Սարգսեան Աշխատանքային Այցով Ժամանած է Ֆրանսա

by MassisPost

Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Սերժ Սարգսեանի աշխատանքային այցը Ֆրանսա մեկնարկած է Փարիզի քաղաքապետարանէն ներս՝ քաղաքապետ Անն Իտալկոյի հետ հանդիպմամբ։ Քաղաքապետի ու նախագահի հանդիպումէն ետք տեղի ունեցած է ընդունելութիւն, որուն ներկայ եղած են հայ համայնքի աւելի քան 300 ներկայացուցիչներ։

Սերժ Սարգսեան հանդէս եկած է ողջոյնի խօսքով՝ նշելով, որ ուրախ է կրկին հիւրընկալուիլ Փարիզի քաղաքապետարանէն ներս, «ուր հարիւրամեակներ շարունակ կը կերտուի աշխարհի ամենահմայիչ քաղաքներէն մէկուն՝ Փարիզի պատմութիւնը, անոր դէմքն ու կենսակերպը»։

Նախագահը, դիմելով հայ համայնքի ներկայացուցիչներուն, ըսած է , որ նաեւ անոնց շնորհիւ է, որ մշտապէս հպարտութիւն կը զգայ այս երկիր այցելելու ժամանակ։

«Ի դէմս ձեզ՝ ֆրանսահայութիւնն իր աշխատասիրութեամբ, մտային ներուժով եւ արժանապատիւ վարքով ուրոյն տեղ ունի այս քաղաքի, այս երկրի բարօրութեան գործում։ Ամէն անգամ այցելելով Փարիզ եւ Ֆրանսայի այլ հայաշատ վայրեր՝ նորովի եմ բացայայտում, թէ որքան խորն են մեր պատմական կապերը: Ինչպէս ասում էր ֆրանսացի ժողովրդի ականաւոր զաւակ, բանաստեղծ  Վիքթոր Հիւկոն՝ «Փարիզն իր դռներն է բացում, եւ ժողովուրդներն այստեղ են գալիս՝ գերուած այս հսկայ մագնիսով»։ Այդ մագնիսը հենց ֆրանսացի ժողովուրդն է, որի հիւրընկալ ու մարդասէր ոգին եւս մէկ անգամ իրեն դրսեւորեց, երբ հնարաւորութիւն տուեց Հայոց ցեղասպանութիւնը վերապրած մեր հայրենակիցներին հանգրուանել այս հրաշալի երկրում։ Շնորհակալ ենք, տիկի՛ն քաղաքապետ, որ ինչպէս այն ժամանակ, այնպէս էլ մեր օրերում ֆրանսահայութիւնը, փարիզահայութիւնը վայելում է Ֆրանսայի իշխանութիւնների բարեհաճ վերաբերմունքը»,-ըսած է նախագահ Սերժ Սարգսեանը։

Նախագահը խօսած է նաեւ Հայաստանի մէջ իրականացուող բարեփոխումներու մասին, ըսելով, որ  Հայաստանը կը յաղթահարէ դժուարութիւնները՝ համալիր բարեփոխումներու միջոցով,  որոնք ուղղուած են  ժողովրդավարական հիմնարկներու ամրապնդման, ազատ շուկայական տնտեսութեան զարգացման խթանման, ՏՏ ոլորտի աճին, նորարարական գաղափարներու կեանքի կոչման։

Նախագահ Սարգսեանը կարեւորած է 2017 թուականի նոյեմբերին Եւրոպական միութեան հետ ստորագրուած Համապարփակ եւ ընդլայնուած գործընկերութեան համաձայնագիրը, նշելով, որ համաձայնագրի լիարժէք կեանքի կոչելը  առաջնային յանձնառութիւն է։

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment