Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ «Վիգէն Սարգսեանին Պէտք է Ուղարկել «Հայաստան» Հիմնադրամ

«Վիգէն Սարգսեանին Պէտք է Ուղարկել «Հայաստան» Հիմնադրամ

by MassisPost

«Պաշտպանութեան նախարար Վիգէն Սարգսեանին պէտք է ուղարկել «Հայաստան» համահայկական հիմնադրամ՝ աշխատելու, քանի որ ինչ հարց առաջանում է, նա միանգամից փող է հաւաքում», – երէկ «Ազատութեան» հետ զրոյցի ժամանակ նշած է նախկին վարչապետ, ընդդիմադիր «Ելք» խմբակցութեան պատգամաւոր Արամ Սարգսեանը, քննադատելով պաշտպանութեան նախարարի դրամահաւաքի կոչը:

Յիշեցնենք, որ անցած շաբաթ օր ֆէյսպուքեան իր էջին վրայ, Վիգէն Սարգսեանը գրառում կատարած էր՝ կոչ ընելով վիրաւոր զինծառայող Ալպերթ Դալլաքեանին արտերկրի մէջ բուժելու համար 45 հազար տոլար հաւաքել։

«Օրէնքով մենք չենք կարող փոխհատուցել արտերկրում այդ վիրահատութեան կատարումը, քանի որ այն հնարաւոր է կազմակերպել նաեւ Հայաստանում: Բայց արտերկրի բուժարաններում, որ ունեն անհամեմատ աւելի մեծ փորձ եւ հմտութիւններ այս հարցում, Ալպերթի արագ ապաքինման հաւանականութիւնն անհամեմատ մեծ է: Ես եմ խորհուրդ տուել ընտանիքին փորձել նման դրամահաւաքի միջոցով հաւաքել անհրաժեշտ գումարը: Ես անձամբ եւ իմ մի քանի ընկերներ կը տրամադրենք պահանջուող գումարի՝ 45 հազար տոլարի 10 տոկոսը», – պարզաբանած էր Վիգէն Սարգսեանը, կոչ ընելով բոլորին միանալ դրամահաւաքին:

Արամ Սարգսեան  զրոյցի ժամանակ ըսած է. – «Ճիշդ կը լինի, որ Վիգէն Սարգսեանին նշանակեն «Հայաստան» հիմնադրամում, էդ մարդը գնայ, իր գործով զբաղուի։ Իսկապէս ցանկացած հարց, ինչ առաջանում է ՊՆ-ում, Վիգէն Սարգսեանն առաջարկում է փող հաւաքել, ինչը, միանշանակ, պաշտպանութեան նախարարի գործառոյթ չէ, էդ խնդիրներն այդպէս չեն լուծում, էդ խնդիրները լուծման պետական ճանապարհներ ունեն, եւ պաշտպանութեան նախարարը երկու ոտքը մի կօշիկ դրած պէտք է սեղմեր, որ էդ պետական ճանապարհները հնարաւորինս բացուէին Պաշտպանութեան նախարարութեան համար, ոչ թէ դիմէր ժողովրդին։ Էդ «Հայաստան» հիմնադրամի գործն է։ Գործող նախագահը թող ուղարկի էդ մարդուն էնտեղ, էդ մարդն էլ էնտեղ իրեն լաւ կը զգայ, մի՞գուցէ այնտեղ իր աշխատանքն աւել լաւ ստացուի»։

Հարցին, թէ պաշտպանութեան նախարարին հարի՞ր չէր նման առաջարկով հանդէս գալը, նախկին վարչապետը պատասխանած է. – «Ի հարկէ, դա ակնյայտ է»։

Վիգէն Սարգսեանի այս գրառումը սուր քննադատութեան արժանացած է ֆէյսպուքեան օգտատէրերու կողմէ, շատերը անթոյլատրելի համարած են պաշտպանութեան նախարարի այսօրինակ դրամահաւաքը՝ յիշեցնելով, որ զինուորներու բուժօգնութեան համար յատուկ ֆոնտ բացուած է, եւ աշխատող քաղաքացիներէն ամսական 1000 դրամ կը գանձուի:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment