Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Գագիկ Ծառուկեանի Համար «Անփոխարինելի Մարդ Գոյութիւն Չունի»

Գագիկ Ծառուկեանի Համար «Անփոխարինելի Մարդ Գոյութիւն Չունի»

by MassisPost

«Ծառուկեան» խորհրդարանական խմբակցութեան ղեկավար Գագիկ Ծառուկեանը ի պատասխան այն հարցին, թէ արդեօք Սերժ Սարգսեանը անփոխարինելի գործիչ է, յայտարարած է․ – «Ինձ համար անփոխարինելի մարդ գոյութիւն չունի»:

Հարցին, թէ ՀՀԿ-էն տեսակէտ հնչած է, թէ անվտանգութեան եւ Ղարաբաղեան խնդիրի կարգաւորման հարցում մէջ Սերժ Սարգսեանը անփոխարինելի է, Ծառուկեանը արձագանգած է․ – «Անփոխարինելի մարդ գոյութիւն չունի: Այդ հարցերը տուէք Հանրապետական կուսակցութեանը: Խորհրդարանական ընտրութեան ժամանակ մեր ժողովուրդը լիարժէք 55 տոկոս ձայն տուել է Հանրապետական կուսակցութեանը, ուստի իրենք որոշելու են, իրենք ներկայացնելու են վարչապետի թեկնածուին»:

Հարցին, թէ որպէս վարչապետի թեկնածու ով աւելի նախընտրելի է՝ Սերժ Սարգսեա՞նը, թէ՞ Կարէն Կարապետեանը, Ծառուկեան պատասխանած է, թէ թող ՀՀԿ-ն ներկայացնէ իր թեկնածուն. – «Երբ որ իրենք համապատասխան թեկնածուն կ’առաջարկեն, մենք մեր խմբակցութիւնով կը քննարկենք եւ մեր տեսակէտը կ’ասենք»:

Լրագրողներէն մէկուն հարցին, թէ արդեօք Սերժ Սարգսեանը իրենց ուժին համար ընդունելի թեկնածու է, Ծառուկեան արձագանգած է․ – «Ես նորից եմ ասում՝ երբ որ Հանրապետական կուսակցութիւնը իր թեկնածուին կ’առաջադրի, մենք դրա մասին մեր կարծիքը կ’ասենք»:

Յառաջիկայ Ուրբաթ օր ընդդիմադիր «Ելք» դաշինքը թանկացումներու եւ հարկային բեռի աւելացման դէմ երթ պիտի իրականացնէ։ Ծառուկեանը նոյնպէս կը կարծէ, որ անհրաժեշտ են Հարկային օրէնսգրքի մէջ փոփոխութիւններ կատարելը, եկամտահարկի նուազեցումը: Բայց փողոց դուրս գալու մասին ան չէ խօսած՝ կարեւորելով խորհրդարանական քննարկումները:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment