Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Դէպի Հայաստան Դրամական Փոխանցումները Աճ Գրանցած են

Դէպի Հայաստան Դրամական Փոխանցումները Աճ Գրանցած են

by MassisPost

Երեք տարուան  կտրուածքով արագ կրճատումներէն   յետոյ, արտասահմանի մէջ աշխատող հայերու միլիառաւոր տոլարներու  փոխանցումները  ուժեղացած են  2017-ին նպաստելով Հայաստանի տնտեսութեան աւելի արագ աճին:Հայաստանի Կեդրոնական   դրամատան    հրապարակած տուեալներուն համաձայն, 2017-ի  Յունուար-Նոյեմբեր ամիսներուն  առեւտրային  դրամատուներուն  կողմէ   կատարուած դրամական փոխանցումներու ընդհանուր ծաւալը կազմած  է 1.56  միլիառ  տոլար, 2016-ի  նոյն ժամանակահատուածին  համեմատ, 18% -ով:Այլ  խօսքով  երկրի համախառն ներքին արդիւնքի 15 տոկոսը:

Արտերկրեայ  դրամական փոխանցումները  կը հանդիսանան  Ազգային վիճակագրական ծառայութեան (ԱՎԾ) հաշուետուութիւններու  ընդհանուր   փոքրածաւալ  առեւտուրի  տարեկան 6 տոկոս աճի գործօններէն մին: Ի դէպ  Երեւանեան բարձրաստիճան պաշտօնեաները անցեալ ամիս  յայտնած էին,  որ Հայաստանի տնտեսութիւնը առնուազն 6 տոկոսի  աճ  պիտի գրանցէ 2017-ի  աւարտին: Ամենակարեւորը  այն է, որ ռուսական ռուբլին ամրապնդուեցաւ  ԱՄՆ տոլարի նկատմամբ 2016-ի   սկիզբի   շրջանին  աւելի քան 30 տոկոսով:

Ռուսաստան աշխատող հայերուն  կողմէ  Հայաստան ուղարկուած  դրամը փոխանցուած է 2017-ի Յունուար-Նոյեմբեր  փոխանցումներու  ընդհանուր ներհոսքի աւելի քան 60 տոկոսը: Տարեկան մօտ 18 տոկոսով աճած  է  այն հանգամանքը, որ  Եւրամիութեան    եւ այլ  երկիրներէ  ստացուած փոխանցումներուն  մակարդակը զգալիօրէն աճած է:Միացեալ Նահանգներէն  դրամական փոխանցումները, որոնք նոյնպէս ունին  հայ համայնքի զգալի մասը, աճած   են ընդամէնը 2 տոկոսով: Ռուբլին  նաեւ նպաստած   է Հայաստանի արտահանման 23.5 տոկոս հասնող աճին, որն  արձանագրուած  է պաշտօնական վիճակագրութեան   11-րդ  ամսուան  ընթացքին:  Իսկ   Հայաստանէն դէպի  Ռուսաստան արտահանումը  աճած  է 44% -ով, հասնելով 494 միլիոն   տոլարի Ընդհանուր առմամբ, 2017 Յունուար-Նոյեմբեր ամիսներուն  Հայաստան  արտահանած է  2 միլիառ  տոլարի ապրանք: Այդ  ապրանքատեսակներուն 29% -ը   ուղղարկուած   է  Եւրոպական  Միութիւն:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment