Home ՀԱՅԱՍՏԱՆ Պիւտճէէն Մօտ 100 Միլիոն Դրամ Յատկացուած է Հեռուստախաղերու Ցուցադրման Արտօնագրեր Գնելու Համար

Պիւտճէէն Մօտ 100 Միլիոն Դրամ Յատկացուած է Հեռուստախաղերու Ցուցադրման Արտօնագրեր Գնելու Համար

by MassisPost

2011 թուականէն ի վեր Կառավարութիւնը պիւտճէէն՝ այսինքն Հայաստանի քաղաքացիներու հաշւոյն, երկու մասնաւոր ընկերութիւններու 96.5 միլիոն դրամ վճարած է՝ հեռուստախաղերու ցուցադրման տարեկան արտօնագրեր ձեռք բերելու համար:

Կրթութեան եւ գիտութեան նախարարութեան՝ «Ազատութեան» տրամադրած տեղեկանքի համաձայն, 2011-2017 թուականներուն պետական պիւտճէէն 88.5 միլիոն դրամ յատկացուած է «Փի-Արթ» ՍՊԸ-ին «Ինչ, որտեղ, երբ» հեռուստանախագիծի տարեկան արտօնագրերը գնելու համար, եւս 8 միլիոն դրամ «Արմենիա TV-ին»՝ «Ամենախելացի» հեռուստանախագիծի իրականացման աջակցելու նպատակով:

Այս ամէնու ֆոնին՝ պիւտճէէն կրթութեան յատկացուող գումարները վերջին տարիներուն միայն կը նուազին: Դեկտեմբերի սկիզբը հաստատուած 2018 թուականի․ պուտճէի նախագիծին մէջ՝ 2017 թուականի պիւտճէի հետ համեմատած, կրթութեան յատկացուող գումարները նուազած են 630.9 միլիոն դրամով կամ 0.5 տոկոսով, իսկ 2017 թուականին՝ 2016-ի համեմատ, գումարը նուազած էր 0.2 տոկոսով: Հայաստանի մէջ կը կրճատուի նաեւ դպրոցներու թիւը․ Կառավարութեան պաշտօնական կայքէջի համաձայն, արդէն իսկ յստակեցուած է 20 դպրոցներու  բարեկարգման  ծրագիրը, ինչը պաշտօնական փաստաթուղթերու համաձայն՝ թոյլ կու տայ նաեւ խնայել ֆինանսական միջոցներ:

«Ինչ, որտեղ, երբ» հեռուստանախագիծի հերթական արտօնագիրը ձեռք բերելու համար՝ կրթութեան եւ գիտութեան նախարար Լեւոն Մկրտչեանի առաջարկութեամբ Կառավարութիւնը այս նոյեմբերին որոշած է 17 միլիոն դրամ յատկացնել «Փի-Արթ» ընկերութեան: «Ազատութիւն»ը երէկ դաշնակցական նախարարէն հետաքրքրուած է յատկապէս այն մասին, թէ նման պայմաններու մէջ ինչո՞ւ որոշած են հարկատուներու հաշւոյն մասնաւոր ընկերութիւններու համար հեռուստախաղերու արտօնագրեր գնել, որոնք այնուհետեւ կը ցուցադրուին մասնաւոր հեռուստաընկերութիւնով:

«Իմ կարծիքով սա այն բնագաւառներից մէկն է, որ աստիճանաբար պէտք է փոխանցուի մասնաւորի տիրոյթ», ֊ նշած է նախարարը:

«Ազատութեան» հարցին, թէ միւս տարի նո՞յնպէս գումար պիտի յատկացուի արտօնագիր գնելու համար, Լեւոն Մկրտչեան պատասխանած է. «Չէ, իմ կարծիքով մենք պէտք է իրենցից ուզենք ամբողջական արդիւնքը եւ պէտք է հասկանանք, ինչպէս այդ ծրագրից աստիճանաբար բեռնաթափուի պիւտճէն եւ դա վերցնի իր վրայ ամբողջ ծանրութեամբ ընկերութիւնը»:

Նշենք, որ «Ինչ, որտեղ, երբ» հեռուստախաղին տարբեր ժամանակ բազմիցս մասնակցած են նաեւ Հայաստանի փոխվարչապետ Վաչէ Գաբրիէլեանը, պաշտպանութեան նախարար Վիգէն Սարգսեանը, արտաքին գործոց փոխնախարար Շաւարշ Քոչարեանը, ԱԺ պատգամաւորներ, կրթութեան եւ գիտութեան նախկին նախարար Արմէն Աշոտեանը, արդարադատութեան նախկին նախարար Հրայր Թովմասեանը եւ այլ պաշտօնեաներ:

«Ազատութեան» հետ զրոյցի ժամանակ Քոչարեան չէ ուզած անդրադառնալ պուտճէէն եղած յատկացումներուն` ցանկութիւն յայտնելով այդ մէկը ընել միայն ուղիղ եթերով:

Անցած ամիս լրագրողներու հետ հանդիպած էր Գիտութիւններու ազգային ակադեմիայի նախագահ Ռատիկ Մարտիրոսեանը, եւ անդրադառնալով Հայաստանի մէջ գիտութեան ու կրթութեան ոլորտներուն մէջ տիրող իրավիճակին՝ ուշագրաւ յայտարարութիւն ըրած էր, թէ գիտութեան յատկացուող ֆինանսաւորմամբ տարածաշրջանին մէջ Հայաստանը ամենավերջին տեղն է: Ակադեմիկոսի խօսքով, եթէ Հայաստանի իշխանութիւնները գիտութեան յատկացուցած են երկրի ՀՆԱ-ի 0.25 տոկոսը, ապա, օրինակ, Ատրպէյճանը՝ 0.6 տոկոսը, իսկ Վրաստանը՝ 0.4 տոկոսը: Ընդ որում, Հայաստանի ՀՆԱ-ն տարածաշրջանի մէջ ամենափոքրն է:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment