Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Հայաստանի Կառավարութիւնը Հաստատած է Հայաստանի եւ ԵՄ-ի Միջեւ Շրջանակային Համաձայնագիրը

Հայաստանի Կառավարութիւնը Հաստատած է Հայաստանի եւ ԵՄ-ի Միջեւ Շրջանակային Համաձայնագիրը

by MassisPost

Հայաստանի Հանրապետութեան կառավարութիւնը հաւանութիւն տուած է  Հայաստանի եւ Եւրոպական միութեան  աթոմային ուժանիւթի  համայնքին   միջեւ համապարփակ եւ ընդլայնուած գործընկերութեան համաձայնագրի  ստորագրման:  Այդ մասին համապատասխան որոշումը կայացուած է 28 դեկտեմբերին ՀՀ կառավարութեան նիստին:

Ինչպէս նշած է ՀՀ արտաքին գործոց նախարար Էտուարտ Նալպանտեանը, համաձայնագիրը կը նախատեսէ Հայաստանի ստանձնած պարտաւորութիւնները տեղեկատուական այլ ձեւաչափերով:

«Այս շրջանակային համաձայնագիրը Հայաստանի եւ ԵՄ միջեւ յարաբերութիւնները կը տեղափոխի գործընկերական նոր մակարդակի վրայ եւ ուղղուած է յառաջիկայ տարիներին դրանց կարգաւորմանը», – ըսած է Էտուարտ Նալպանտեանը:

Նախարարը նշած է, որ համաձայնագիրը կը նախատեսէ , որ  Հայաստան  իր  ստանձնած պարտաւորութիւնները     կատարէ     եւ  կարգաւորէ Հայաստան-Եւրոմիութիւն քաղաքական երկխօսութիւնը, տնտեսական եւ առեւտրային յարաբերութիւնները, ոլորտային համագործակցութիւնը, ինչպէս նաեւ  ապահովէ քաղաքական եւ տնտեսական բարեփոխումներու տեւականութիւնը:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment