Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Չաւուշօղլու․ «Անգարան Երեւանի հետ Զիւրիխեան Արձանագրութիւնները Ստորագրած է Որոշակի Պայմաններով»

Չաւուշօղլու․ «Անգարան Երեւանի հետ Զիւրիխեան Արձանագրութիւնները Ստորագրած է Որոշակի Պայմաններով»

by MassisPost

Թուրքիոյ, Ատրպէյճանի եւ Իրանի արտաքին գործոց նախարարները Պաքուի մէջ մասնակցած են համատեղ մամլոյ ասուլիսի` անդրադառնալով երեք երկիրներու միջեւ քարիւղի եւ բնական կազի առեւտուրին, եռակողմ առեւտրատնտեսական յարաբերութիւններուն:

Ասուլիսի ժամանակ Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Մեւլութ Չաւուշօղլու անդրադարձած է ՀՀ արտաքին գործոց նախարար Էտուարտ Նալպանտեանի` Թուրքիոյ վերաբերեալ հնչեցուցած յայտարարութիւններուն (հայ-թրքական արձանագրութիւններու յառաջիկայ չեղարկման վերաբերեալ ):

«Հայաստանը եւ մեղաւոր է, եւ ամբարտաւան»,- յայտարարած է Չաւուշօղլու` պնդելով, թէ Հայաստանը բռնի տիրացած է Ատրպէյճանի տարածքներու 20 տոկոսին եւ դեռ կը խօսի իրաւունքներու պաշտպանութեան մասին:

«Հակառակ այս ամէնուն` Թուրքիա կ’աջակցի Ռուսիոյ եւ ԵԱՀԿ-ի նախաձեռնութիւններուն: Հայաստան պէտք է ետ քաշուի իր գրաւած ատրպէյճանական տարածքներէն: Միայն այդ պարագային մեր յարաբերութիւնները կը կարգաւորուին: Քանի դեռ Հայաստան ետ  չէ քաշուած, նման կարգաւորում հնարաւոր չէ»,- յայտարարած է թուրք նախարարը:Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարը նաեւ հերթական անգամ շեշտած է, որ ղարաբաղեան հակամարտութեան կարգաւորման հարցին մէջ Անգարան միշտ Պաքուի կողքին է:
Շարունակելով ղարաբաղեան հակամարտութեան կարգաւորման թեման՝ Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարը յիշեցուցած է, որ կը պատրաստուի յունուարի կէսերուն հանդիպիլ հայաստանցի պաշտօնակիցին հետ՝ բանակցութիւնները շարունակելու նպատակով:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment