ZDF հեռուստատեսութեան եւ Stuttgarter Nachrichten թերթի պատրաստած հետաքննութեան արդիւնքներուն համաձայն, Գերմանիոյ կողմէ Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչման դէմ բողոքներու կազմակերպման ետեւը, շատ հաւանաբար, կեցած է թուրք խորհրդարանականը, որը սերտ կապեր ունի Թուրքիոյ նախագահ Էրտողանի հետ: Հետաքննութեան համաձայն, Թուրքիոյ իշխող կուսակցութեան անդամը փողով ապահոված է Գերմանիոյ մէջ բռնցքամարտիկներու խմբաւորումը, որպէսզի զէնք գնեն եւ ցոյցեր կազմակերպեն ու հետապնդեն Թուրքիոյ նախագահ Էրտողանը քննադատողներուն, կը յայտնէ Deutsche Welle հեռատեսիլի ալիքը:
Մեթին Քուլունք ուղղակի եւ կամ երրորդ կողմի մը միջոցաւ յատկացումներ կատարած է թուրք ազգայնականներու Osmanen Germania կազմակերպութեան, որ ամբողջ Գերմանիոյ տարածքին ունի 20 գրասենեակ եւ 2500 անդամ:
Հետաքննութիւնը հիմնուած է հեռախօսային խօսակցութիւններու վերլուծութեան եւ խումբին հետեւելու ոստիկանութեան տուեալներուն վրայ: Ոստիկաններու համաձայն, Քուլունք Osmanen Germania կազմակերպութեան հրահանգած է հետապնդել Գերմանիոյ մէջ բնակող քուրտերն ու Էրտողանի քննադատները: