Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Թուրքիա կը Հակադարձէ Սպիտակ Տան Յայտարարութիւններուն

Թուրքիա կը Հակադարձէ Սպիտակ Տան Յայտարարութիւններուն

by MassisPost

Անգարա  զայրացած է Սպիտակ Տան ազգային ապահովութեան հարցերով խորհրդական Հերպերտ ՄըքՄասթերի վերջին յայտարարութիւնները, որոնց ընթացքին ան  Թուրքիոյ իշխանութիւններուն մեղադրած էր ամբողջ աշխարհի տարածքին  իսլամական  ծայրայեղականութեան գաղափարներու տարածման գծով անոր գործունէութեան մէջ:

«Ազգային Ապահովութեան գծով խորհրդական ՄըքՄասթերի յայտարարութիւնները զուրկ են փաստական հիմքէ, ապշեցուցիչ են, հիմնազուրկ եւ անընդունելի: Ամերիկացի պաշտօնեան պէտք է  տեղեակ ըլլար, թէ   Թուրքիան ինչպէս կը պայքարի ահաբեկչութեան եւ բոլոր տեսակի արմատականութեան դրսեւորումներուն դէմ»,- պատասխանած է Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարութիւնը իր տարածած գրաւոր յայտարարութեան մէջ:

Թուրքիոյ եւ Միացեալ Նահանգների միջեւ հերթական դիւանագիտական տագնապը ծագեցաւ երբ  բրիտանական Policy Exchange վերլուծական կեդրոնի կողմէ Ուաշինկթընի մէջ կազմակերպուած քննարկման ժամանակ,  ՄըքՄասթեր Թուրքիան համեմատեց Պարսից Ծոցի արաբական այն միապետութիւններուն հետ, որոնք տարիներ շարունակ կը ֆինանսաւորէին ծայրայեղական հայեացքներով   իսլամական կազմակերպութիւններու գործունէութիւնը:

«Թուրքիա կը  հետեւի Քաթարի օրինակին` վերածուելով ծայրայեղական գաղափարախօսութեան տարածումը ֆինանսաւորող առաջին աղբիւրներէն մէկուն»,- ըսած է ամերիկացի բարձրաստիճան պաշտօնեան, մանրամասնելով որ Թուրքիոյ ներգրաւումը այդ գործընթացներուն մէջ կը տեսնուի  ամէնուրեք` Արեւմտեան Ափրիկէէն մինչեւ Հարաւ-արեւելեան Ասիա: Պալքանները եւս լուրջ մտահոգութիւններ կ’առաջացնեն:

Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարութիւնը, սակայն, իր տարածած յայտարարութեան մէջ կրկին շեշտած  է, որ Անգարան   պատրաստ է պահպանել դաշնակցային  յարաբերութիւնները ամերիկացիներու հետ: «Թուրքիան կը շարունակէ Միացեալ Նահանգները դիտարկել որպէս բարեկամ եւ դաշնակից պետութիւն եւ նոյն վերաբերմունքը  կ’ակնկալէ Ուաշինկթընէն»,- ըսուած է թրքական կառավարութեան յայտարարութեան մէջ:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment