Կաշառակերութիւնը իր բոլոր դրսեւորումներով այս տարի ամենավարը արտայայտուեցաւ խորհրդարանական ընտրութիւններու ժամանակ․ երէկ նման գնահատական հնչեցուցին շարք մը մասնագէտներ «Կաշառակերութիւնը եւ անվտանգութեան մարտահրաւէրները» թեմայով քննարկման ընթացքին։
Արատաւոր այս երեւոյթի դէմ պայքարի միջազգային օրուան ընդառաջ բանախօսները արձանագրած են՝ 2 Ապրիլին Հայաստանի մէջ ժողովրդավարութիւնը ջախջախուեցաւ կաշառքի եւ վարչական միջոցներու չարաշահման հետեւանքով։
Տնտեսագէտ Վահագն Խաչատրեան․ – «Ընտրութիւնները ամբողջացրեցին եւ մեզ հնարաւորութիւն տուեցին հասկանալու, թէ ինչ է նշանակում համակարգուած կոռուպցիա (կաշառակերութիւն): Իշխանութիւնը, կամ պետութիւնը ցոյց տուեց, թէ ինչպէս կարելի է կոռուպցիոն համակարգերը կամ մեխանիզմները օգտագործելով՝ հասնել նպատակին»:
Իրաւապաշտպան Աւետիք Իշխանեան․ – «Մեր երկրում ժողովրդավարութիւնը՝ որպէս ամենակարեւոր յատկանիշներից մէկը մարդու իրաւունքների պաշտպանութեան, գոյութիւն չունի»:
«Թրանսփարընսի ինթըրնաշընլ հակակաշառակերութեան կեդրոնի» 2016 թուականին կատարած ուսումնասիրութեան մէջ ընդգրկուած էին հայաստանցիներու կարծիքով կաշառակերութեամբ ամենաշատ զբաղուող կառոյցներու եւ անձերու անունները։ Առաջին տեղը գրաւած են պետական պաշտօնեաները, երկրորդը՝ նախագահի աշխատակազմը։ Անոր յաջորդած են դատական համակարգը, ոստիկանութիւնը, հարկային մարմինները։
Կեդրոնի ծրագիրներու ղեկավար Վարուժան Հոկտանեան ըսած է, որ թէեւ սա հասարակութեան կարծիքն է, բայց ինք ալ անձամբ համոզուած է, որ երկրի մէջ առկայ համակարգային կաշառակերութեան դէմ պայքարելու համար քաղաքական կամք պէտք է․ – «Խնամի-ծանօթ-բարեկամ, հովանաւորչութիւն եւ այլ երեւոյթները, որոնք շատ արմատացած են մեր երկրում, այս ամէնը իսկապէս պետական կառավարման համակարգը դարձնում են բաւականին անարդիւնաւէտ»:
Հոկտանեանի համոզմամբ՝ կաշառակերութեան արմատացման կը նպաստէ առկայ անպատժելութեան մթնոլորտը։
Մինչդեռ Արդարադատութեան փոխնախարար Սուրէն Քրմոյեանը պնդած է, որ Կառավարութիւնը այս տարի լուրջ բարեփոխումներ ըրած է, որոնք կը նպաստեն կաշառակերութեան դէմ արդիւնաւէտ պայքարին։
Փոխնախարարի պնդմամբ՝ կաշառակերութեան դէմ պայքարի տեսանկիւնէն հասարակութիւնը դեռ բաւարար չի գնահատեր արդարադատութեան համակարգի աշխատանքը։ Բայց նախարարութիւնը ձեռքերը ծալած չի նստիր։
Սակայն անկախ մասնագէտներն ու իրաւապաշտպանները հակառակը կը պնդեն՝ յատկապէս դատական համակարգի մէջ խախտումները աղաղակող են, իսկ կաշառակերութեան դէմ պայքարելու համար ստեղծուած գործիքները չեն աշխատիր։