Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Նալպանտեան Ստանձնած է Ֆրանսախօս Երկիրներու Արտաքին Գործոց Նախարարներու Համաժողովի Նախագահութիւնը

Նալպանտեան Ստանձնած է Ֆրանսախօս Երկիրներու Արտաքին Գործոց Նախարարներու Համաժողովի Նախագահութիւնը

by MassisPost

26 Նոյեմբերին Փարիզի մէջ ընթացող Ֆրանսախօս երկիրներու նախարարներու համաժողովին Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Էտուարտ Նալպանտեան ստանձնած է 84 անդամ, ընկերակցած եւ դիտորդ պետութիւն ու կառավարութիւն միաւորող Ֆրանսախօս երկիրներու միջազգային կազմակերպութեան արտաքին գործոց նախարարներու համաժողովի նախագահութիւնը։

Ըստ Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարութեան պաշտօնական կայքէջին, համաժողովի աւարտին տեղի ունեցած հանդիսաւոր արարողութեան Մատակասքարի արտաքին գործոց նախարար Անրի Ռապարինձական Հայաստանի արտաքին քաղաքական գերատեսչութեան ղեկավար Էտուարտ Նալպանտեանին փոխանցած է Ֆրանսախօս երկիրներու նախարարներու համաժողովի նախագահութիւնը։

«Այս պահին, երբ Հայաստանը ստանձնում է Ֆրանքոֆոնիայի Նախարարական համաժողովի նախագահութիւնը, հպարտութեան զգացում եմ ապրում Հայաստանի հանդէպ ցուցաբերուած այս պատուի համար։ Մէկ անգամ եւս ցանկանում եմ խորին երախտագիտութիւն յայտնել Ֆրանքոֆոնիայի պետութիւնների եւ կառավարութիւնների ղեկավարներին Ֆրանքոֆոնիայի XVII գագաթաժողովի անցկացումը մեր երկրին վստահելու համար», – ըսած է Նալպանտեան, շարունակելով. – «Մենք գիտակցում ենք, թէ ինչպիսի վիթխարի աշխատանք է մեզ սպասում։ Առաջին հերթին, հարկաւոր է ապահովել Գագաթաժողովի յաջողութիւնը՝ կազմակերպչական առումով։ Այս ուղղութեամբ ակնկալում ենք սերտօրէն համագործակցել Մատակասքարի նախագահութեան, Ձեզ հետ, տիկի՛ն Գլխաւոր քարտուղար, ինչպէս նաեւ Ֆրանքոֆոնիայի անդամ պետութիւնների եւ կառավարութիւնների հետ»։

Հայաստանի արտաքին գերատեսչութեան ղեկավարը շնորհակալութիւն յայտնած է Մատակասքարի իր գործընկերոջ՝ նշելով, որ այսուհետ Հայաստանին եւ Մատակասքարին կը միացնեն ինչպէս պատմական, այնպէս ալ խորհրդանշական կապեր։

«Ֆրանքոֆոնիայի Նախարարական համաժողովի նախագահութիւնը Դուք ստանձնեցիք Հայաստանում, եւ այսօր արդէն Դուք էք այդ նախագահութիւնը փոխանցում Հայաստանին, էլ չասած այն մասին, որ հենց Անթանանարիվուում էր, որ որոշում կայացուեց Ֆրանքոֆոնիայի յաջորդ Գագաթաժողովը Երեւանում անցկացնելու վերաբերեալ», – ըսած է արտաքին գործոց նախարարն ու շարունակած. – «Ակնկալում ենք նաեւ համատեղ եւ մշտական աշխատանք իրականացնել Թունիսի հետ, որին Հայաստանը փոխանցելու է մեր Կազմակերպութեան յաջորդ Գագաթաժողովը կազմակերպելու պատիւն ու արտօնութիւնը։ Մենք հենց այսպէս ենք ընկալում համագործակցութիւնը մեր ֆրանքոֆոն ընտանիքի ներսում։ Մենք մտադիր ենք համատեղ աշխատանք իրականացնել բոլորիդ հետ՝ Երեւանի Գագաթաժողովի յաջողութիւնն ապահովելու համար, քանի որ այս Գագաթաժողովի յաջողութիւնը մեր բոլորի հաւաքական յաջողութիւնն է, մեր ֆրանքոֆոն ընտանիքի ընդհանուր յաջողութիւնը։ Այսպիսով, Ֆրանքոֆոնիայի 34-րդ նախարարական համաժողովը յայտարարում եմ փակուած»։

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment