Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Պրիւքսէլի մէջ Ստորագրուած է Հայաստան-Եւրոմիութիւն Նոր Համաձայնագիրը

Պրիւքսէլի մէջ Ստորագրուած է Հայաստան-Եւրոմիութիւն Նոր Համաձայնագիրը

by MassisPost

Հայաստանն ու Եւրոմիութիւնը ստորագրեցին Համապարփակ եւ ընդլայնուած համագործակցութեան համաձայնագիրը:

Համաձայնագիրը ստորագրուեցաւ ՀՀ Նախագահ Սերժ Սարգսեանի եւ Եւրոպական խորհուրդի նախագահ Տանըլտ Դուսգի ներկայութեամբ` ՀՀ արտաքին գործոց նախարար Էդուարդ Նալպանտեանի եւ ԵՄ արտաքին քաղաքականութեան եւ անվտանգութեան հարցերով բարձր ներկայացուցիչ Ֆետերիքա Մոկերինիի կողմէ:

Ստորագրման հանդիսաւոր արարողութիւնը տեղի ունեցաւ ԵՄ մայրաքաղաքի «Եւրոպա» մեծ ու խորհրդանշական կառոյցին մէջ` Արեւելեան գործընկերութեան գագաթնաժողովին ծիրէն ներս:

Համապարփակ եւ ընդլայնուած գործընկերութեան համաձայնագիրով՝ կողմերը հաստատակամութիւն կը յայտնեն ամրապնդելու համապարփակ քաղաքական եւ տնտեսական գործընկերութիւնն ու համագործակցութիւնը` հիմնուած ընդհանուր արժէքներու եւ սերտ կապերու վրայ, ներառեալ` բարձրացնելով Հայաստանի Հանրապետութեան մասնակցութիւնը Եւրոպական միութեան քաղաքականութեան, ծրագիրներուն եւ գործակալութիւններու աշխատանքներուն: Համաձայնագիրով նպատակ կը հետապնդուի խթանելու, պահպանելու եւ ամրապնդելու խաղաղութիւնը եւ կայունութիւնը ե՛ւ տարածաշրջանային, ե՛ւ միջազգային մակարդակներով, ներառեալ` լարուածութեան աղբիւրները վերացնելու համար ջանքերը համախմբելու, սահմանային անվտանգութիւնը զօրացնելու միջոցով, ինչպէս նաեւ միջսահմանային համագործակցութիւնն ու բարիդրացիական յարաբերութիւնները: Կ’ընդլայնուի նաեւ շարժունակութիւնը եւ տարբեր երկիրներու մարդոց միջեւ կապը:

Համաձայնագիրով կը շեշտուի` Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան խաղաղ եւ տեւական կարգաւորման համար Հայաստանի Հանրապետութեան յանձնառութեան կարեւորութիւնը եւ ԵԱՀԿ Մինսկի խումբի համանախագահներու կողմէ վարուող բանակցութիւններու ծիրէն ներս այդ կարգաւորման հնարաւորինս շուտ հասնելու անհրաժեշտութիւնը. ընդունելով նաեւ ՄԱԿ-ի կանոնադրութեան մէջ եւ ԵԱՀԿ Հելսինկեան եզրափակիչ ակտին մէջ ամրագրուած նպատակներու եւ սկզբունքներու հիման վրայ այդ կարգաւորման հասնելու անհրաժեշտութիւնը, մասնաւորապէս, այն նպատակներու եւ սկզբունքներու, որոնք կ՝առնչուին ուժի կիրառումէն կամ անոր սպառնալիքէն խուսափելուն, պետութիւններու տարածքային ամբողջականութեան եւ ժողովուրդներու իրաւահաւասարութեան ու ինքնորոշման իրաւունքին եւ արտացոլուած են ԵԱՀԿ 2008 թուականի նախարարներու խորհուրդի 16-րդ հանդիպումէն ի վեր ԵԱՀԿ Մինսկի խումբի համանախագահութեան շրջանակներուն մէջ եղած բոլոր յայտարարութիւններուն. նշելով նաեւ կարգաւորման այս գործընթացին աջակցելու` Եւրոպական միութեան յայտարարուած յանձնառութիւնը: Համաձայնագիրին մէջ, իբրեւ ընդհանուր սկզբունք կը շեշտուին ժողովրդավարական սկզբունքներու, իրաւունքի գերակայութեան, մարդու իրաւունքներու եւ հիմնարար ազատութիւններու հանդէպ յարգանքը` ամրագրուած մասնաւորապէս, ՄԱԿ-ի կանոնադրութեան մէջ, ԵԱՀԿ Հելսինկեան եզրափակիչ ակտին մէջ եւ 1990 թուականի Նոր Եւրոպայի փարիզեան խարտիային մէջ, ինչպէս նաեւ մարդու իրաւունքներուն վերաբերեալ համապատասխան այլ փաստաթուղթերու մէջ, ինչպէս օրինակ` ՄԱԿ-ի Մարդու իրաւունքներու համընդհանուր հռչակագիրը եւ Մարդու իրաւունքներու եւրոպական համաձայնագիրը, կը կազմէ Կողմերու ներքին եւ արտաքին քաղաքականութեան հիմքը եւ սոյն Համաձայնագիրին կարեւոր տարրը:

Կողմերը կը վերահաստատեն ազատ շուկայական տնտեսութեան սկզբունքներու, կայուն զարգացման, տարածաշրջանային համագործակցութեան եւ արդիւնաւէտ բազմակողմանիութեան վերաբերեալ իրենց յանձնառութիւնը:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment