Home ՀԱՅԱՍՏԱՆԱՐՑԱԽ Ականի Պայթումի Հետեւանքով Արցախի Բանակի 3 Զինծառայող Զոհուած է, եւս Մէկը Վիրաւորուած

Ականի Պայթումի Հետեւանքով Արցախի Բանակի 3 Զինծառայող Զոհուած է, եւս Մէկը Վիրաւորուած

by MassisPost

Լեռնային Ղարաբաղի պաշտպանութեան նախարարութիւնը Նոյեմբեր 22-ի առաւօտեան հաղորդած է, որ երէկ, ժամը 18:35-ի մօտերը, ՊԲ հիւսիսարեւելեան ուղղութեամբ տեղակայուած զօրամասերէն մէկուն պահպանութեան տեղամասին մէջ ականի պայթումի հետեւանքով  մահացու վիրաւորումներ ստացած են ՊԲ զինծառայողներ Գեղամ Կորիւնի Զաքարեանը  (1995-ի ծնունդ), Սարգիս Գուրգէնի Աբրահամեանը (1998-ի ծնունդ) եւ Սարգիս Մհերի Մելիքեանը (1997-ի ծնունդ):  Զինծառայող Նարեկ Հայկի Հովէյեանը (1998-ի ծնունդ) ստացած է ականապայթիւնային վիրաւորում: Անոր վիճակը եւս ծանր է:

Քննչական կոմիտէն ալ աւելի ուշ հաղորդած էր, որ պատահարը տեղի ունեցած է, երբ զինծառայողները զօրամասի պահպանութեան տեղամասի մարտական դիրքին ճարտարապետական աշխատանքներ կ’իրականացնէին՝ պայթած է հակաթանկային ական: Փաստի կապակցութեամբ քրէական գործ յարուցուած է Քրէական օրէնսգիրքի 373-րդ յօդուածի 4-րդ մասով` «զէնքի, ռազմամթերքի եւ շրջապատի համար առաւել վտանգ ներկայացնող առարկաներու, նիւթերու հետ վարուելու կանոնները խախտելը, որ անզգուշութեամբ առաջացուցած է երկու կամ աւելի անձանց մահ»:

Լեռնային Ղարաբաղի նախագահ Բակօ Սահակեան երէկ ստորագրած է հրամանագիր, համաձայն որու՝ պետական սահմանը պաշտպանելու ժամանակ ցուցաբերած արիութեան համար Պաշտպանութեան բանակի N զօրամասի զինծառայողներ Գեղամ Զաքարեանը, Սարգիս Աբրահամեանը, Սարգիս Մելիքեանը յետմահու  պարգեւատրուած են «Մարտական ծառայութիւն» մետալով։

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment