Home ՀԱՅԱՍՏԱՆԱՐՑԱԽ Ռուսաստանի Արտաքին Գործոց Նախարար Սերկէյ Լաւրով Ժամանած է Երեւան

Ռուսաստանի Արտաքին Գործոց Նախարար Սերկէյ Լաւրով Ժամանած է Երեւան

by MassisPost

Ռուսաստանի արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրով երէկ՝ 20 Նոյեմբերին ժամանած է Երեւան: Օդակայանէն ան ուղեւորուած է Ծիծեռնակաբերդ համալիր՝ յարգանքի տուրք մատուցելու Հայոց ցեղասպանութեան զոհերու յիշատակին։

Լաւրով Երեւան ժամանած է Պաքուէն, ուր հանդիպումներ ունեցած է Ատրպէյճանի քաղաքական ղեկավարութեան հետ, եւ հանդէս եկած է դասախօսութեամբ։

«Դիւանագիտութիւնը ի վիճակի է գտնել այնպիսի մօտեցումներ, որոնք ընդունելի կ’ըլլան հակամարտութեան բոլոր կողմերուն համար», – Պաքուի մէջ Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարար Էլմար Մամետեարովի հետ հանդիպման յաջորդած համատեղ ասուլիսին յայտարարած էր Լաւրովը՝ աւելցնելով․ – «Հակամարտութեան կարգաւորման համար անհրաժեշտ բոլոր քայլերու, միջոցներու, պայմանաւորուածութիւններու փաթեթը բանակցային սեղանին է: Այն բանակցային սեղանին է դեռ 1997 թուականէն: Սեղանին են նաեւ  2011 թուականի փաստաթուղթերը (Քազանեան փաստաթուղթերը)»:

«Ղարաբաղեան հակամարտութեան շարունակութիւնը որեւէ մէկուն ձեռնտու չէ», – յայտարարած է Լաւրով: – «Հարկաւոր է զբաղուիլ ղարաբաղեան հակամարտութեան հանգուցալուծմամբ: Առաւել եւս՝ որ այն հիմնական ուղղութիւնները, ուր հնարաւոր է արդիւնք արձանագրել, արդէն իսկ կ’ուրուագծուին»:

Ռուսաստանի արտաքին գործոց նախարարը նաեւ նշած է, որ ԵԱՀԿ Մինսքի խումբի ձեւաչափի ընդլայնման հարց չի քննարկուիր՝ շեշտելով․ – «Այն բոլոր պետութիւնները, որոնք կրնան նպաստել խնդրի լուծման, Մինսքի խումբին մէջ ներկայացուած են»:

Լաւրովին Երեւան ճանապարհելու ժամանակ Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարար Մամետեարովը ներկայացուցած է նախօրէին Մինսքի խումբի համանախագահներու հետ հանդիպման մանրամասները․ – «Ես ունեցած եմ առարկայական բանակցութիւններ համանախագահներուն հետ: Մենք քննարկած ենք յստակ հարցեր, որոնք այսօր պէտք է լուծել Երեւան մեկնելէ առաջ: Ես Լաւրովին այդ լուծումներու մի քանի տարբերակ ներկայացուցած եմ»:

Մինչեւ ատրպէյճանցի իր գործընկերոջ հետ բանակցութիւնները Լաւրով հանդիպում ունեցած էր Բաքուի դիւանագիտական ակադեմիայի ուսանողներուն հետ՝ ընելով շարք մը ուշագրաւ յայտարարութիւններ:

Ան մասնաւորապէս, ըսած է, որ Ղարաբաղեան խնդրի կարգաւորման գործընթացի ծիրէն ներս Ռուսաստանի եւ Միացեալ Նահանգներու միջեւ համագործակցութիւնը չէ տուժած ռուս-ամերիկեան լուրջ տարաձայնութիւններու պատճառով:

Լաւրով ըսած է նաեւ, որ Մոսկուան ԼՂ խնդրի կարգաւորման հարցին մէջ նոյն դիրքորոշումը ունի, ինչ Ուաշինկթընն ու Փարիզը։

«Համանախագահները կը հանդիպին նախարարներուն հետ, պարբերաբար կ’այցելեն տարածաշրջան։ Յոյսով եմ, որ նախագահներու անցած ամիս կայացած հանդիպումը կը նպաստէ՝ հակամարտութեան կարգաւորման հարցի յառաջխաղացման», – Պաքուի դիւանագիտական ակադեմիային մէջ նշած է Լաւրով:

Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի նախագահները, յիշեցնենք, հանդիպած էին հոկտեմբերին, Ժընեւի մէջ:

Եւրասիական տնտեսական միութեան (ԵԱՏՄ) Ատրպէյճանի հնարաւոր անդամակցութեան մասին հարցին ի պատասխան՝ Լաւրով յայտարարած է․ – «Եթէ Ատրպէյճանը անդամակցի ԵԱՏՄ-ին, Ռուսաստանը ուրախ կ’ըլլայ: Սակայն Մոսկուան որեւէ երկրի չի պարտադրեր անդամակցիլ այդ միութեան»:

Լաւրով Պաքուի մէջ 19 նոյեմբերին հանդիպում ունեցած էր նաեւ Ալիեւի հետ, որու ընթացքին ըսած էր.  «Ռուսաստանը, որպէս ԵԱՀԿ Մինսքի խումբի համանախագահ երկիր, շահագրգռուած է խնդրի հանգուցալուծումը գտնելուն եւ յառաջխաղացում ապահովելուն ուղղուած ջանքերու գործադրման մէջ։ Մենք ձեզ հետ համաձայն ենք՝ պէտք է աշխոյժ քայլեր ձեռնարկել այդ ուղղութեամբ»:

Ալիեւ – Լաւրով հանդիպումը անցած էր փակ դռներու ետին: Սակայն բանակցութիւններու մեկնարկին Ալիեւը, բացի աւանդական բարեկամական յարաբերութիւններու մասին յայտարարութիւններէն, ըսած է, թէ Ատրպէյճանը չափազանց շահագրգռուած է ղարաբաղեան խնդրի շուտափոյթ կարգաւորման հարցով:

Երեւանի մէջ Լաւրով  հանդիպում պիտի ունենայ իր հայ գործընկեր Էտուարտ Նալպանտեանի  եւ նախագահ Սերժ Սարգսեանի հետ, պիտի կքննարկէ Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան կարգաւորման հեռանկարները։

Բացի անկէ` Ռուսիոյ եւ  Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարները պիտի մասնակցին «Հայաստան-Ռուսաստան. դարերով ստուգուած բարեկամութիւն» ցուցահանդէսի բացման, ինչպէս նաեւ հայկական փոստային նամականիշի մարման արարողութեան: Կը նախատեսուի 2018-2019 թուականներու համար Ռուսաստանի ԱԳՆ-ի եւ Հայաստանի ԱԳՆ-ի միջեւ խորհրդակցութիւններու ծրագրի ստորագրում:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment