Հայաստանի նախագահի եւ ԱԳ նախարարի այցերը Մոսկուա շատոնց ծրագրուած էին, նոյնը կը վերաբերի նաեւ Ռուսաստանի մէջ Հայաստանի մշակութային օրերու իրականացման ու Սերկէյ Լաւրովի՝ Հայաստան այցին: Կառավարութեան երէկուան նիստէն ետք լրագրողներու հետ ճեպազրոյցի ժամանակ այս մասին յայտարարած է ՀՀ ԱԳ փոխնախարար Շաւարշ Քոչարեանը:
Անոր խօսքով՝ Ռուսաստանի ԱԳ նախարար Սերկէյ Լաւրովի հայաստանեան այցը կապուած է երկու երկիրներու դիւանագիտական յարաբերութիւններու հաստատման 25-ամեակի հետ:
«Միւս կողմից՝ ակնյայտ է, որ որոշակի աքթիւութիւն կայ ԵԱՀԿ Մինսքի խմբի համանախագահողների կողմից՝ կապուած ղարաբաղեան հակամարտութեան կարգաւորման հետ: Բնական է, որ տարբեր հանդիպումների ժամանակ նոյն ԱԳ նախարարներն ազատ են քննարկել ցանկացած հարց, առաւել եւս՝ այն հարցերը, որոնք այդքան կարեւոր են»,- աւելցուցած է Շաւարշ Քոչարեան:
Ըստ պաշտօնեային, համանախագահողները կ’ակնկալեն, որպէսզի կողմերու միջեւ վստահութիւն ըլլայ՝ կարգաւորման գործընթացին մէջ առաջընթացի հասնելու համար, իսկ այդ կ’ենթադրէ Վիեննայի եւ Ս. Փեթերսպուրկի պայմանաւորուածութիւններու իրականացում: Իսկ բանակցութիւններուն մէջ առաջընթաց ոչ միայն չկայ, այլ, Քոչարեանի խօսքով, իրավիճակը ինչ-որ առումով պայթիւնավտանգ է, ինչի ապացոյցն են ապրիլեան դէպքերը: «Համանախագահները չեն կարող մտահոգուած չլինել: Առաւել եւս, որ Մինսքի խմբի համանախագահող երկրները նաեւ ՄԱԿ-ի անվտանգութեան խորհրդի մշտական անդամներ են, եւ նրանց համար անընդունելի է ռազմական գործողութիւնների վերսկսումը»,- աւելցուցած է պաշտօնեան:
Հարցին, թէ Սերկէյ Լաւրով իր հետ որեւէ առաջարկութիւն պիտի բերէ՞ Երեւան, Շաւարշ Քոչարեան պատասխանած է, որ այդ մասին անընդհատ կը խօսուի, բայց Ռուսաստանի ԱԳ նախարարը կը գործէ եռանախագահութեան ձեւաչափով: «Այդ տեսանկիւնից մի քիչ տարօրինակ է, երբ փորձում են նրան առանձնացնել: Առաւել եւս, որ ինքը մի քանի անգամ հրապարակային հերքել է: Առանձին ռուսական առաջարկներ չկան»,- հաւաստած է Քոչարեան:
Ինչ կը վերաբերի Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի ԱԳ նախարարներու հանդիպման. ԵԱՀԿ ՄԽ համանախագահները առանձին-առանձին կը հանդիպին նախարարներու հետ, եւ չի բացառուիր, որ միջնորդները նաեւ անոնց հանդիպում առաջարկեն: Երբ յստակ պայմանաւորուածութիւն ըլլայ, Շաւարշ Քոչարեանի խօսքով, այդ մասին կը յայտարարուի: