Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Դատախազը կը Պահանջէ 7 Տարուան Ազատազրկման Դատապարտել Սամուէլ Բաբայեանին

Դատախազը կը Պահանջէ 7 Տարուան Ազատազրկման Դատապարտել Սամուէլ Բաբայեանին

by MassisPost

Սամուէլ Բաբայեանի եւ միւսներու գործով երէկ  կայացած դատական նիստի ժամանակ մեղադրող դատախազը պահանջած է 7 տարուան ազատազրկման դատապարտել Լեռնային Ղարաբաղի պաշտպանութեան նախկին նախարարին:

Մեղադրական ճառին մէջ Արամ Արամեան նշած է, թէ Բաբայեանին պէտք է մեղաւոր ճանաչել այն բանի համար, որ ան խումբ մը անձանց դրդած է  նախնական համաձայնութեամբ ապօրինի կերպով «Իգլա» տեսակի դիւրակիր զէնիթահռթիռային համալիր ձեռք բերել, փոխադրել եւ պահել, ինչպէս նաեւ փոխարկման արդիւնքով յանցաւոր ճանապարհով գումար ձեռք բերած է:

Սամուէլ Բաբայեանը, յիշեցնենք, ընդդիմադիր «Օհանեան-Ռաֆֆի-Օսկանեան» դաշինքի համակիր էր եւ ձերբակալուած էր 22 մարտին, խորհրդարանական ընտրութիւններէն օրեր առաջ:

Արամեան դատարանէն պահանջած է նաեւ մինչեւ դատավճիռի օրինական ուժի մէջ մտնելը անփոփոխ թողել ամբաստանեալի նկատմամբ կիրառուած խափանման միջոցը՝ կալանքը։ Մեղադրական ճառին մէջ դատախազը նշած է, թէ պաշտպանական կողմը անյաջող փորձեր կը կատարէ ստուերելու համար գործի քննութիւնը։

Ըստ անոր, օրինակ, Պաշտպանութեան բանակի նախկին հրամանատար Սամուէլ Բաբայեան «տրուպա» անուանած է «Իգլա» տեսակի զէնիթահրթիռային համակարգը, սակայն փորձաքննութիւնը ցոյց տուած է, որ Վրաստանէն փոխադրուած «Իգլա»-ն իրականութեան մէջ հնարաւոր է գործարկել․ – «Հրթիռը պիտանի է մարտական կիրառման համար, եւ նոյնիսկ դրա պահպանման եւ տեղափոխման կանոնների չնչին խախտումը կարող է յանգեցնել պայթիւնի: Փորձագէտը յայտնեց նաեւ, որ եթէ այն համալրուած լինէր արձակման մեխանիզմով, ապա կը հանդիսանար զէնիթահրթիռային համալիրի մէկ ամբողջական միաւոր: Առնուազն անհասկանալի է այն հանգամանքը, թէ ինչպէս պաշտպանութեան բնագաւառում ծառայած, տարիներ շարունակ Պաշտպանութեան նախարարի պաշտօն զբաղեցրած անձը չի կարող տարբերակել զէնիթահրթիռային համալիրի արձակման խողովակն ու առաւել եւս հրթիռը անպիտան տրուպայից»:

Մեղադրող դատախազը նաեւ նշած է, որ այս փորձաքննութեան արդիւնքները պաշտպանական կողմը չէ բողոքարկած:

Իսկ Բաբայեանի պաշտպան Աւետիս Քալաշեանը պնդած է, որ նախկին նախարարը իրեն առաջադրուած մեղադրանքը չընդունիր, իսկ դատարանին ներկայացուած խողովակը ռազմամթերք չի համարեր։

Քալաշեան ըսած է, որ մեղադրող դատախազի 7 տարուան պահանջին պիտի հակադարձէ յաջորդ երկուշաբթի՝ իր պաշտպանական ճառով։

Այս գործով առանցքային մեղադրեալներէն կը համարուի Բաբայեանի մարտական ընկերը՝ Սանասար Գաբրիէլեանը։ Ըստ մեղադրանքի, ան Բաբայեանի հետ նախնական համաձայնութեամբ ապօրինի կերպով ձեռք բերած, փոխադրած եւ պահած է ռազմամթերք հանդիսացող «Իգլա» համալիրը։

Մի քանի նիստ առաջ Գաբրիէլեանը յայտարարած էր, որ նախկին նախարարը կապ չունի այս նախաձեռնութեան հետ, եւ ինք ուզած է ձեռք բերել «Իգլա» զինատեսակը՝ բանակին նուիրելու նպատակով:

Մեղադրող դատախազը Գաբրիէլեանի համար 4 տարուան ազատազրկում պահանջած է․ – «Ամբաստանեալներ Սամուէլ Բաբայեանի եւ Սանասար Գաբրիէլեանի պատասխանատուութիւնը եւ պատիժը ծանրացնող հանգամանք է դիտարկւում յանցագործութիւնների կատարման մէջ առանձնապէս աքթիւ դերը»:

«Իգլայի» գործով մեղադրուող Արմէն Պօղոսեանի համար դատախազը պահանջած է 3 տարուան ազատազրկում։

Միւս 4 ամբաստանեալերը մեղադրուած են Սամուէլ Բաբայեանին օժանդակելու մէջ, ով փորձած է յանցաւոր ճանապարհով Ռուսաստանէն ստացած, օրինական շրջանառութիւնէն դուրս եկած եւ յատուկ ներկանիւթով ներկուած եւրօ թղթադրամները քիմիական մաքրման ենթարկել՝ յետագային անոնք Հայաստանի մէջ շրջանառութեան մէջ դնելու նպատակով:

Ամբաստանեալ Կարէն Քոչարեանի համար դատախազը պահանջած է 3 տարուան ազատազրկում, Դաւիթ Յարութիւնեանի համար՝ 2 տարուան, իսկ Անդրանիկ Քոչարեանի եւ Ժորա Զաքարեանի համար դատախազը պահանջած է 2 տարուած ազատազրկում՝ առաջարկելով պայմանականօրէն պատիժը չկիրառել, փոխարէնը սահմանել 3 տարուան փորձաշրջան։

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment