Արցախի մէջ 4 Նոյեմբերին հակազրահապատային նռնակի պայթումին հետեւանքով վիրաւորուած զինծառայող Սերկէյ Սեւատայի Ալումեանի վիճակը կը շարունակէ մնալ ծայրայեղ ծանր: Ան Երեւանի Կեդրոնական զինուորական հիւանդանոց տեղափոխուած է,- ըստ «Արմէնբրէս»-ի՝ ըսած է Պաշտպանութեան նախարարութեան մամլոյ խօսնակ Արծրուն Յովհաննիսեան: Նոյն նռնակի պայթումին հետեւանքով վիրաւորուած երկրորդ զինծառայող Գէորգ Վլատիսլաւի Հիւսնունցի առողջական վիճակի մասին տեղեկատուութիւն չէ տրուած: Ան Արցախի զինուորական հիւանդանոցին մէջ կը գտնուի:
Արցախի Հանրապետութեան պաշտպանութեան նախարարութեան մամլոյ ծառայութեան տրամադրած տեղեկատուութեան համաձայն` Նոյեմբեր 4-ի նռնակի պայթումին հետեւանքով զոհուած է ՊԲ զինծառայող, 1997-ի ծնունդ Հրանդ Խաչատուրի Մանգասարեանը: Գէորգ Վլատիսլաւի Հիւսնունցը եւ Սերկէյ Սեւատայի Ալումեանը ստացած էին տարբեր աստիճանի բեկորային վէրքեր:
Երրորդ կայազօրային քննչական բաժնին մէջ ՀՀ քրէական օրէնսգիրքի 376-րդ յօդուածի 2-րդ մասով պայթիւնի հետեւանքով զոհուած ժամկէտային զինծառայող, շարքային Հրանդ Մանգասարեանի մահուան, եւս երկու զինծառայողներու վիրաւորուելու դէպքին առթիւ յարուցուած է քրէական գործ։
Կը ձեռնարկուին անհրաժեշտ քննչական գործողութիւններ` դէպքին բոլոր հանգամանքները պարզելու ուղղութեամբ: